Չինաստանի Հանչժու քաղաքի մանկավարժական համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ անհատի մը սննդականոնը կ՛ազդէ «տիփրեշըն»ի եւ տագնապի ախտանիշներուն վրայ։ Հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուած են BMC Medicine ամսագրին կողմէ հրապարակուած յօդուածին մէջ:
Այսպիսով, հրուշակեղէնի, կարագի, շաքարի եւ կաթնամթերքի վրայ հիմնուած աղանդերի բարձր օգտագործումը, ինչպէս նաեւ պտուղներու եւ բանջարեղէնի սպառման ցած մակարդակը կապուած են հոգեկան հիւանդութեան ախտանիշներու բարձրացման հետ:
«Մեր արդիւնքները կ՛ընդգծեն ընդհանուր սննդականոնի եւ «տիփրեշըն»ի ու տագնապի ախտանիշներու միջեւ փոխկապակցուածութիւնը։ Վերլուծումը յուսալի արդիւնքներ տուած է, որ մարմինը երբ շատ շաքար եւ յագեցած ճարպաթթուներ կ՛ընդունի, այդ մէկը կրնայ կապուիլ «տիփրեսիվ» եւ տագնապային խանգարումներու ախտանիշներու յառաջացման վտանգին հետ»,-եզրակացուցած են հեղինակները: