Անշուշտ, մէկ անգամ չէ, որ լսած էք այն առասպելը, որ ձախ կողմի վրայ քնանալը վնասակար է: Այդպէ՞ս է արդեօք, որ եթէ կը քնանաք ձախ կողմի վրայ, ապա սիրտը կրնայ սեղմուիլ այլ օրկաններու կողմէ:
Սրտանօթային համակարգը
Հետազօտութիւնները, կը վկայեն, որ ձախ կողմի վրայ քնանալը կրնայ նոյնիսկ օգտակար ազդեցութիւն ունենալ, օրինակ` արեան հոսքին վրայ: Նիյն կարծիքը ունի նաեւ Քրիստաֆըր Ուինթեր՝ Martha Jefferson Hospital Sleep Medicine Center-ի կեդրոնի տնօրէնը: Անոր խօսքով՝ մարմինի մէջ ամբողջական շրջագայութիւն կատարելով՝ արիւնը աջ կողմէն կը վերադառնայ սիրտ:
Ստամոքս
Ձախ կողմի վրայ կը յանձնարարուի քնանալ այն մարդոց, որոնք ունին «կասթրօէզոֆակիալ ռիֆլաքսային» հիւանդութիւն, որուն ընթացքին ստամոքսի թթուային պարունակութիւնը կը մտնէ կերակրափող, ինչ որ կը յառաջացնէ այրումի զգացում կամ ստամոքսի ծանրութիւն: Medportal.ru-ի փոխանցումով՝ ստամոքսը տեղակայուած է ձախ կողմը, իսկ եթէ մարդ կը քնանայ աջ կողմի վրայ, օրկանը «վեր կը բարձրանայ», ինչ որ կը նուազեցնէ ստամոքսահիւթի «հոսքը» կերակրափող: Աջ կողմի վրայ քնանալը կը նպաստէ այրոցի յառաջացման, իսկ ձախ կողմի վրայ քնանալը կապուած է «կասթրօէզոֆակիալ ռիֆլաքսային» հիւանդութեան ախտանիշները նուազեցնելու հետ:
Յղութիւն
Կարծիք կայ, որ ձախ կողմի վրայ քնանալը նախընտրելի է յղութեան ընթացքին՝ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ձախ կողմի վրայ քնանալը կապուած է մեռելածնութեան վտանգի նուազումին հետ: Հետագայ ուսումնասիրութիւնները, սակայն, չեն հաստատած այս եզրակացութիւնը, սակայն շարք մը ուսումնասիրութիւններ տակաւին կը հաստատեն այն կարծիքը, որ յղի կիներու համար փափաքելի է կողմի վրայ քնանալ։
Ո՞ր կողքի վրայ քնանալ
Իրականութեան մէջ չկան գիտական ապացոյցներ, որ ձախ կողմի վրայ քնանալը վնասակար է: Բայց չկան նաեւ ապացոյցներ, որ ձախ կողմի վրայ քնանալը նախընտրելի է բոլոր մարդոց համար:
Քնանալու համար դիրք ընտրելու գծով կը յանձնարարուի հաշուի առնել տարբեր գործօններ, առաջին կարգին` առողջական վիճակը: Որոշ մարդոց համար մէջքի վրայ պառկած դիրքը կրնայ բարենապաստ ըլլալ քնանալու համար, բայց անիկա յարմար չէ քունի մէջ խանգարումներ ունեցող մարդոց համար: Եթէ առողջութեան հետ կապուած որեւէ խնդիր ունիք, կը յանձնարարուի ձեր բժիշկին հետ քննարկել՝ գիտնալու համար ձեր վիճակին ամէնէն բարենպաստ դիրքը: