Սիտնիի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ օրական միայն 4-5 վայրկեան եռանդուն, ընդհատուող ֆիզիքական «աքթիվ»ութիւնը կրնայ 32 առ հարիւրով նուազեցնել քաղցկեղի որոշ տեսակներու վտանգը: Նման «աքթիվ»ութիւն համարժէք է տնային տարբեր պարտականութիւններու կատարման, ինչպէս՝ տուն մաքրելը, ճաշ պատրաստելը, հագուստ եւ սպասք լուալը, կը գրէ JAMA Oncology ամսագիրը:
Ըստ գիտնականներուն՝ ընդհատուող ֆիզիքական «աքթիվ»ութիւնը կը նմանի բարձր «ինթենսիթի ինթըրվըլ» մարզումի սկզբունքներուն (HIIT) առօրեայ կեանքին մէջ: Քաղցկեղի բոլոր տեսակներուն համար, նման «աքթիվ»ութիւնը նուազեցուցած է յառաջացման վտանգները 18 առ հարիւրով եւ 32 առ հարիւրով այն տեսակներուն համար, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են ֆիզիքական «աքթիվ»ութեան բացակայութեան հետ: