Ճարպակալումը վտանգաւոր լուրջ գործօն է «քորոնա» ժահրի ժամանակ, նոյնիսկ՝ երիտասարդներու մօտ: Այս մասին նախազգուշացուցած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ճոն Հոփքինզի համալսարանի հետազօտողները, որոնց յօդուածը հրապարակուած է Lancet ամսագիրին մէջ:
Հետազօտողները վերլուծած են բժշկական կարիք ունեցողներու տուեալները ինչպէս Ճոն Հոփքինզի համալսարանական հիւանդանոցին մէջ, այնպէս ալ այլ բժշկական հաստատութիւններու մէջ, եւ համայարաբերակցութիւն գտած են մարմինի մեծ զանգուածի «ինտեքս»-ի եւ 40-50 տարեկանէն վար երիտասարդ հիւանդներու թիւի միջեւ, որոնք «ինթենսիվ» բժշկութեան կարիք ունէին: Տուեալներու վերլուծումը ցոյց տուած է, որ հիւանդանոցին մէջ յայտնուող COVID-19-ով երիտասարդները շատ յաճախ աւելորդ կշիռք ունին: Աւելի քիչ հաւանականութեամբ անոնք այլ զուգընթաց հիւանդութիւններ ունեցած են, օրինակ՝ բարձր արեան ճնշում, սրտի հիւանդութիւններ եւ շաքարախտ:
«Քորոնա» ժահրի ժամանակ, բարդութիւններու եւ ճարպակալման միջեւ կապը կը բացատրուի անով, որ ճարպակալումով մարդիկ արդէն իսկ դժուարութեամբ կը շնչեն, ինչ որ կը նպաստէ որեւէ շնչառական վարակի ծանր ընթացքին: COVID-19-ի ժամանակ, թոքերը հեղուկով կը լեցուին, որուն պատճառով հիւանդը ստիպուած է աւելի զօրաւոր կրճատելու «տիաֆրակմ»-ը, իսկ աւելորդ կշիռքը կը խանգարէ ատոր:
Մէկ պատճառ եւս կրնայ ըլլալ այն, որ ճարպային հիւսուածքը մեծ քանակութեամբ միջբջիջային փոխազդեցութեան միջնորդներ՝ հակաբորբոքային «մոլեքիւլ»-ներ կ՛արտադրէ: «Քորոնա» ժահրով վարակուելով, այդ մէկը կը նպաստէ միջբջիջային փոխազդեցութեան միջնորդներու փոթորիկի զարգացման, որ օրկաններու համակարգային անբաւարարութիւն կը յառաջացնէ:
Մէկ այլ հաւանական բացատրութիւն կրնայ ըլլալ այն, որ ճարպային բջիջները իրենց մակերեւոյթին մէջ մեծ թիւով ACE2 ընկալիչներ ունին, ինչ որ թիրախ է «քորոնա» ժահրի համար:
Ըստ որոշ տուեալներու՝ SARS-CoV-2-ը կրնայ երկար ժամանակ պահուիլ ճարպային հիւսուածքի մէջ, նոյնիսկ եթէ հիւանդը այլեւս ախտանիշներ չունի: