Գիտնականներ, Medical University of Vienna-էն, Էվա Շերնհամմերի գլխաւորութեամբ, կատարած են լայնածաւալ ուսումնասիրութիւն մը, որուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ այն մարդիկը, որոնք պարբերաբար կը ներկեն իրենց մազերը, արդեօ՞ք քաղցկեղի զարգացման մեծ վտանգի ենթարկուած են։ Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է British Medical Journal-ին մէջ, իսկ այդ մասին հակիրճ ձեւով հաղորդած է Eurek Alert-ը:
Յայտնի է, որ մազի ներկերը կ՛ունենան քիմիական կապեր իրենց մէջ, որոնք կրնան միզապարկի եւ կուրծքի քաղցկեղ յառաջացնել: Վերջին ուսումնասիրութեան ծիրին մէջ, փորձագէտները վերլուծած են 117 200 ամերիկացի կիներու տուեալները (ուսումնասիրութիւնները տեւած են 36 տարի)՝ փորձելով պարզել մազերը ներկելու եւ քաղցկեղի այս տեսակներու կապը:
Հետազօտութեան ընթացքին, ներկերու էական բացասական ազդեցութիւն չէ յայտնաբերուած: Մինչդեռ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը խոստովանի, որ ներկանիւթերու հետ միշտ կապի մէջ գտնուող վարսայարդարները, այնուամենայնիւ, քաղցկեղի զարգացման մեծ վտանգի տակ են: Աւելին, հետազօտողները դրական կապ գտած են մազի ներկերու եւ մաշկի քաղցկեղի ամէնէն տարածուած տեսակի, «հորմոն»-«ռիսեփթըր»- կրծքագեղձի բացասական քաղցկեղի եւ ձուարաններու քաղցկեղի վտանգի միջեւ:
Բացի ատկէ, «Հոջքինի Լիմֆոմա»-ն (լիմֆոմայի, արեան ուռուցքներու տեսակ) բարձր վտանգը դիտարկուած է միայն բնական մութ մազերով կիներու մօտ, իսկ ի ծնէ բաց գոյնի մազեր ունեցող կիներու մօտ աւելի բարձր է մաշկի քաղցկեղի վտանգը:
Գիտնականներու խօսքով՝ քաղցկեղի զարգացման հաւանականութիւնը մեծապէս կախեալ է զգայունութեան տարբեր օրկանիզմի «ճին»-երու ամբողջութենէն (օրինակ ՝ NAT1 կամ NAT2 «ճին»-երու առանձնայատկութիւններէն):