Նախապէս կը կարծուէր, որ «տիփրէշըն»ը եւ տագնապայնութիւնը կը բարձրացնեն քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը։ Շատ հետազօտութիւններու (կատարուած Հոլանտայի, Մեծն Բրրիտանիոյ, Նորվեկիայի եւ Գանատայի մէջ) արդիւնքներու ուսումնասիրութեան ժամանակ գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ «տիփրէշըն»ը եւ տագնապայնութիւնը կապուած չեն բնակչութեան այդ շրջանի քաղցկեղի տեսակներու յառաջացման բարձր վտանգի հետ։ Ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են Cancer Online պարբերականին մէջ՝ Ամերիկեան օնքոլոճիքըլ ընկերութեան ամսագրին մէջ։
Մասնագէտներու կարծիքով՝ «տիփրէշըն»ը եւ տագնապը կրնան բարձրացնել քաղցկեղի յառաջացման վտանգը՝ ազդելով մարդու առողջապահութեան հետ կապուած վարքին վրայ կամ կենսաբանական ներգործութիւն ձգելով մարմնին վրայ, որ կը նպաստէ քաղցկեղի յառաջացման։ Որոշ հետազօտութիւններ հաստատած են կապի առկայութիւնը «տիփրէշըն»ի, տագնապի եւ քաղցկեղով հիւանդացութեան միջեւ, մինչդեռ այլ հետազօտութիւններ որեւէ կապ չեն յայտնաբերած։
Լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալու համար, հետազօտող Լոնեքէ վան Թոյլ Կրոնինկենի համալսարանի Բժշկական կեդրոնէն եւ անոր գործընկերները ուսումնասիրած են «Սայքօսոշըլ գործօնները եւ քաղցկեղով հիւանդացութիւնը» միջազգային «քոնսորդիում»ի տուեալները, որ կը ներառէ հետազօտութիւններու 18 խումբերու մասին տեղեկութիւն, որոնց մասնակցած է աւելի քան 300 հազար չափահաս հիւանդ Հոլանտայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Նորվեկիայէն եւ Գանատայէն։
Հետազօտողներու խումբը կապեր չէ յայտնաբերած «տիփրէշըն»ի կամ տագնապի եւ կաթնագեղձի, ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղներու, հաստ աղիքի եւ ալքոլի չարաշահման հետ կապուած քաղցկեղներու միջեւ՝ դիտարկումներու 26 տարիներու ընթացքին։
Եզրակացութիւն՝ «տիփրէշըն»ի կամ տագնապի առկայութիւնը կապուած եղած է թոքերու քաղցկեղի եւ ծխելու պատճառով յառաջացող քաղցկեղի հետ 6 առ հարիւրով, բայց այդ վտանգը էապէս նուազած է քաղցկեղի յառաջացման վտանգի այլ գործօններու ճշդումէն ետք, ներառեալ ծխելը, ալքոլի օգտագործումը եւ մարմնի զանգուածի «ինտեքս»ը։
Այսպիսով, կատարուած ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ ծխելու եւ վատառողջ ապրելաձեւի այլ դրսեւորումներու դէմ պայքարի կարեւորութիւնը, ներառեալ անոնք, որոնք կրնան յառաջանալ «տիփրէշըն»ի եւ տագնապի պարագային։