Ինտոնեզիոյ Մետան քաղաքին մէջ ապրող 34 տարեկան Անտրիատի Պութրան ծնած է դէմքին վրայ փոքր արատով մը: Տարիներ անց, այդ արատը վերածուած է դէմքէն կախուած հսկայ 40-քիլոկրամնոց ուռուցքի:
Փոքր հասակին, Անտրիատիի ծնողները դիմած են տեղի բժիշկներուն, սակայն վերջիններս ըսած են, որ անհանգստանալու պէտք չկայ: Բայց, ժամանակի ընթացքին, հետքը մեծցած է:
Երբ Անտրիատին 11 տարեկան էր, անոր քանի մը անգամ տարած էին բժիշկի մօտ, որ ախտորոշած էր անոր մօտ «նեյրոֆիպրոմաթոզ»-ի ծանր ձեւը, որ ժառանգական խանգարում է եւ բացասաբար կ՛ազդէ բջիջային հիւսուածքի աճի եւ զարգացման վրայ:
Հետագայ հետազօտութիւններու համար, ընտանիքը աւելորդ գումար չուներ: Անտրիատին ընտանիքին օգնելու համար, քանի մը տարի կ՛աշխատի շարժանիւներու խանութ-սրահին մէջ: Ամբողջ ընթացքին, ուռուցքը կը շարունակէր մեծնալ:
2018-ին, ուռուցքը կ՛ունենայ շատ մեծ կշիռք, որ կ՛ազդէ մարդուն կեանքի որակին վրայ եւ մեծ ցաւ կը պատճառէ անոր: Անտրիատին ստիպուած կ՛ըլլայ ձգելու իր աշխատանքը:
Այժմ, անոր ուռուցքը կը կշռէ 40 քիլոկրամ եւ կը հասնի մինչեւ որովայնը: Անտրիատին յոյս ունի, որ ան կը յաջողի հեռացնել ուռուցքը վիրաբուժական ճամբով, որուն շնորհիւ կը կարողանայ վերադառնալ բնական ապրելակերպի: