Մարսողական խնդիրներէն շատեր կը գանգատին տօնական օրերէն ետք: Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք քանի մը ուտելիքներ, որ կ՛օգնեն բարելաւելու մարսողութիւնը, եթէ, անշուշտ, այդ ուտելիքները կամ որեւէ այլ ուտելիք չի չարաշահէք:
Թարմ պտուղներ
Պտուղները կը պարունակեն չլուծուող բջիջանիւթ, որ կղանքին մէջ ծաւալ կը ստեղծէ, եւ որու շնորհիւ աղիքներու մկանները լաւ ձեւով կը հեռացնեն կղանքը: Ուստի կարծիք կայ, որ թարմ պտուղներու կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ օգնել կանխելու փորկապութիւնը: Կը յանձնարարուի ամէն օր ուտել պտուղներու 5 չափաբաժին (ոչ նուազ):
Բանջարեղէն
Կեղեւով բանջարեղէնը (ստեպղին, վարունգ, գետնախնձոր, լուբիա, ընդեղէն եւ այլն) հարուստ է բջիջանիւթով: Կը յանձնարարուի զայն ուտել հում վիճակին մէջ կեղեւով:
Մարսողութեան համար շատ օգտակար է նաեւ կանաչ թերթերով բանջարեղէնը («սպանախ», կաղամբ, հազար, «պրոքոլի»). անիկա նոյնպէս բջիջանիւթի եւ այլ սննդարար նիւթերու հոյակապ աղբիւր է, որ կ՛օգնէ բարելաւելու աղիքներու առողջութիւնը եւ մարսողութիւնը:
Փրոպայոթիքներ
«Եոկուրթ»-ը եւ «թան»-ը հարուստ փրոպայոթիքներ կոչուող կենսունակ մայքրօ-օրկանիզմներով ուտելիքներ են: Նոյնանման ուտելիքները լաւ ազդեցութիւն ունին աղիքներուն եւ անոնց աշխատանքին վրայ:
Հատիկաւոր ուտելիքներ
Հատիկաւոր ուտելիքներու կանոնաւոր օգտագործումը նոյնպէս կը բարելաւէ մարսողութիւնը եւ օգտակար է աղիքներու առողջութեան համար: Հատիկները երկու կարեւոր բաղադրիչ ունին՝ թեփ եւ սաղմ, որոնց մէջ կը գտնուին բջիջանիւթի, վիթամիններու եւ հանքանիւթերու մեծ մասը, որ կ՛օժանդակեն մարսողութեան:
Բուսական իւղ
Բուսական իւղերը, ինչպէս՝ ձիթապտուղի, «քոքոնաթ»-ի եւ նուշի, կը նկատուին չյագեցած ճարպերու հրաշալի աղբիւր, որ կ՛օգնեն օրկանիզմին աւելի լաւ իւրացնելու վիթամինները: Ատոնք նաեւ կը գործեն բջիջանիւթի հետ՝ կարգաւորելով արտաթորումը: