Դիմադրողական համակարգի խախտումներու այսպէս կոչուած «հայճինիք վարկած»-ը ծանօթ է 1980-ականներէն։ Այդ վարկածին կողմնակիցները կը կարծեն, որ չափէն աւելի մաքրութիւնը եւ «միքրոպ»-ներու հետ շփման նուազումը մանուկ հասակին վատ ձեւով կ՛ազդեն դիմադրողական համակարգին վրայ եւ կը նախատրամադրեն, օրինակ, «ալերժի»-ներու։ Սակայն վերջին գիտական տուեալները այդ վարկածը չեն հաստատեր։
Լոնտոնի Համալսարանական քոլէճի եւ Լոնտոնի «հայճին»-ի եւ մերձարեւադարձային բժշկութեան դպրոցի գիտնականները կը կարծեն, որ «հայճինիք վարկած»-ի կողմնակիցները կը յստակացնեն կապը մանկական «հայճին»-ի եւ դիմադրողական համակարգի խախտումներու վտանգին միջեւ։ Վերջերս, Journal of Allergy and Clinical Immunology ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ բնակարանի մը լաւ առողջապահական վիճակը չափազանց կարեւոր է առողջութեան համար, իսկ փոքրիկները կրնան շփում ունենալ մայքրօ-օրկանիզմներու աղբիւրներու հետ՝ մնալով մաքուր միջավայրին մէջ։
«Մայքրօ-օրկանիզմ»-ներու ազդեցութիւնը կանուխ փուլին մէջ դիմադրողական համակարգին պարտադիր է՝ «սորեցնելու», ինչպէս նաեւ՝ նիւթափոխանակութեան համար։ Սակայն, աւելի քան 20 տարուան ընթացքին, գոյութիւն ունի այն համոզումը, որ ձեռքերը լուալու եւ ընտանեկան «հայճին»-ի գործողութիւնները (որոնք անհրաժեշտ են հիւանդածին «միքրոպ»-ներու դէմ պայքարին համար) կ՛արգելակեն շփումը օգտակար մայքրօ-օրկանիզմներու հետ»,- ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ, Լոնտոնի Համալսարանական քոլէճի մասնագէտ Կրեհեմ Ռուկ։
Գիտնականները ներկայացուցած են հետազօտութիւններ, որ ցոյց կու տան, թէ փոքրիկի մը համար նման մայքրօ-օրկանիզմներու աղբիւր կրնան դառնալ մայրը, ընտանիքի անդամները եւ բնականաբար՝ շրջապատը։ «Միքրոպ»-ներու մէջ, որոնք սովորաբար ներկայ են տան մէջ, շատ քիչ են «պաքթիրիա»-ները, որ կրնան օգտակար ըլլալ դիմադրողական համակարգին։ Բայց ատոնց մէջ կրնան ըլլալ «պաքթիրիա»-ներ, որ վտանգաւոր են առողջութեան համար։ Հետեւաբար, վարակի կանխարգիլման պարզ միջոցները՝ ձեռքերը լուալը եւ տունը կանոնաւոր մաքրելը, պէտք չէ անտեսել։ Միեւնոյն ժամանակ, անհանգստանալու կարիք չկայ, թէ այդ միջոցները մեզ կը մեկուսացնեն կարեւոր «պաքթրիա»-ներէն։
Վարկածին հեղինակները նաեւ կը յայտնեն, որ օրկանիզմի անընկալութեան (վարակիչ հիւանդութիւններու) մարզումին համար բնաւ կարիք չկայ, որ փոքրիկները հիւանդանան վարակիչ հիւանդութիւններով։ Ատոնց յարուցիչներուն կամ բաղադրիչներուն՝ փոքրիկները կը հանդիպին պատուաստումի ժամանակ։ Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ պատուաստները կը մարզեն դիմադրողական համակարգը այնպէս, ինչպէս մինչ այդ այդ մէկը կը կատարէին՝ վարակները։ Եւ հակառակ լուրերու, որոնք սովորաբար մեծապէս սկսած են տարածուիլ համավարակի սկսելուն պէս, պատուաստները չեն տկարացներ դիմադրողական համակարգը։
Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ մաքրութեամբ՝ չափէն աւելի հմայուիլը եւ չափէն աւելի քիմիական նիւթերու օգտագործումը տունը մաքրելու համար կրնան աւելի վնասել, քան օգտակար ըլլալ։ Մասնաւորաբար, այդ քիմիական նիւթերը կրնան նպաստել դիմադրողական խախտումներու, այդ շարքին «ալերժի»-ի եւ «պրոնքիըլ ասթմա»-ի յառաջացման։