Նարնջագոյն մեզը կրնայ ըլլալ ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի ախտանշան, պնդած են բրիտանացի մասնագէտները:
Express-ը յայտնած է, որ կանուխ հանգրուաններուն, ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղը, սովորաբար, զգալի չըլլար: Սակայն, ինչպէս քաղցկեղի այլ տեսակներու պարագային, այս քաղցկեղի ժամանակին ախտորոշումը այնքան կարեւոր է բուժման արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար:
Ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի առաջին նկատելի ախտանշաններէն մէկը կը նկատուի թիկունքի կամ փորի մասի ցաւը (յատկապէս եթէ կը յառաջանայ պառկած դիրքին կամ ուտելէն ետք): Մեզի գոյնը նոյնպէս կրնայ ցոյց տալ ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղը: Մասնագէտներու խօսքով՝ ուշադրութիւն կը պահանջուի նարնջագոյն («նարինջային») մեզը, որ կրնայ այն բանի հետեւանք ըլլալ, որ լեղուղին սկսած է լեարդէն լեղին տեղափոխել տասներկումատնեայ աղիք: Մասնագէտներու խօսքով՝ այս խանգարումը կրնայ յառաջանալ ուռուցքի աճի պատճառով:
Ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի այլ ախտանշաններէն են՝
- աղիքներու հետ կապուած խնդիրները (փորլուծութիւն եւ փորկապութիւն)
- տաքութիւնը եւ դողը,
- տիսփեփսիան (փորի վերին մասի ցաւի կամ անյարմարաւէտութեան կրկնուող զգացումը),
- կղանքի մէջ արեան մակարդուկները:
Մասնագէտները ընդգծած են, որ շաքարախտի կամ դեղնախտի ախտանշանները նոյնպէս կրնան մատնացոյց ընել ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի զարգացումը: