Փոքրիկներու մօտ ուշադրութեան պակասի եւ «հայփըրաքթիվութեան» ախտանիշի զարգացման պատճառ կրնան ըլլալ արեան մէջ քրոմի, մակնիզիումի եւ զինքի ցած մակարդակը՝ կը պնդեն Պ. Գ. Տեմիտովի անուան Եարոսլավլի պետական համալսարանի մասնագէտները:
Այդ ախտանիշի պարագաներու 60-80 առ հարիւրը կախեալ է կենեթիկ հակումէն: Ռուս գիտնականները վերլուծած են «հայփըրաքթիվութեան» ախտանիշով 100 փոքրիկի եւ առողջ 100 փոքրիկի մազերու եւ արեան մէջ տարբեր տարրերու պարունակութիւնը: Պարզուած է, որ «հայփըրաքթիվութեան» ախտանիշով նախադպրոցական տարիքի փոքրիկներու մօտ քրոմի, մակնիզիումի եւ զինքի համախմբումը ցած է, իսկ պղինձի մակարդակը՝ բարձր, քան առողջ փոքրիկներու մօտ: Բացառուած չէ, որ ճիշդ պղինձի եւ զինքի յարաբերակցութեան պակասը կարեւոր դեր կը խաղայ այդ ախտանիշի զարգացման համար, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:
Գիտնականները նաեւ մազերու «սփեքթրալ» հետազօտութիւն կատարած են, որ ցոյց տուած է, որոշ ժամանակի ընթացքին, միքրոտարրերու համախմբումի փոփոխութիւնները: Պարզուած է, որ այդ ախտանիշով փոքրիկներու մօտ քոպալթի, մանկանիզի, զինքի եւ մակնիզիումի պարունակութիւնը նուազած է:
Այդ բոլորը, գիտնականներու խօսքով, ցոյց կու տան մանուկներու հաւասարակշռուած սնունդի կարեւորութիւնը: