Մասնագէտները կը յանձնարարեն բարձր ճնշման պարագային հրաժարիլ սպիտակ ալիւրի օգտագործումէն: Նման խորհուրդ տուած են Մայոյի «քլինիք»-ի մասնագէտները:
Սպիտակ ալիւրով պատրաստուած ուտելիքները այսօր յայտնի են, անոնց շարքին են՝ հաց, թխուածքաբլիթներ եւ այլն: Մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ վերոնշեալ ուտելիքներուն մէջ շատ վնասակար են համային յաւելումները: Նման ուտելիքներու հանդէպ սէրը կը բարձրացնէ արեան մէջ շաքարի եւ «ինսուլին»-ի մակարդակը ու կը յանգեցնէ «մեթապոլիք» խնդիրներու: Անոնց խօսքով՝ սպիտակ ալիւրը կրնայ քաղցր համ չունենալ, սակայն կրնայ յանգեցնել նոյնանման հարցերու, որոնք կը յառաջանան մեծ քանակութեամբ շաքար օգտագործելու հետեւանքով:
American Journal of Clinical Nutrition-ին մէջ հրապարակուած տուեալներու համաձայն, եթէ մարդ օրական 3 բաժին հացահատիկային արտադրութիւն կ՛օգտագործէ, ապա բարձր ճնշումի վտանգը զգալիօրէն կը նուազի, ինչ որ կը նուազեցնէ նաեւ բարձր ճնշումի հետ կապուած հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը: