Ճաշելէն անմիջապէս ետք, խնձոր ուտելը շատ վտանգաւոր է ակռաներուն համար։ Այսպիսի անսպասելի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ատամնաբուժութեան հարցերու փորձագէտ Մարքուս Ֆելպեր, տեղեկացուցած է Focus.de ամսագիրը։
Մասնագէտին խօսքով՝ շատ մարդիկ խնձորը ճիշդ չեն օգտագործեր, օրինակ՝ անիկա կ՛ուտեն կերակուրէն գրեթէ անմիջապէս ետք։ Բայց այդ հանգամանքներուն մէջ ակռայի էմալը կ՛ենթարկուի վտանգաւոր թթուային յարձակումի։
Ակռաները, մասնագէտին խօսքով, ունին պաշտպանական թթուային թաղանթ, որ կը պաշտպանէ զանոնք ակռայի փտումէն։ Սնունդ ստանալու ժամանակ, այդ թաղանթը ամրութեան փորձութիւն կ՛անցնի, եւ միայն ուտելէն 30 վայրկեան ետք, ամբողջովին կը վերականգնէ իր պաշտպանական կարողականութիւնը։ Եթէ խնձոր ուտէք ճաշէն ետք, չսպասելով, թէ երբ կ՛անցնին այդ 30 վայրկեանները, ատոնց թթւութիւնը կրնայ ճեղք յառաջացնել պաշտպանական թաղանթին մէջ եւ վնասել ակռաները։