Ոսկրային քաղցկեղը բջիջներու աճ է, որ կրնայ յառաջանալ որեւէ ոսկորի մէջ, սակայն անիկա յաճախ կ՛ազդէ ազդրի ոսկորին:
«Ոսկրային քաղցկեղ» հասկացութիւնը չի ներառեր այն քաղցկեղը, որ կը սկսի մարմնին այլ բաժիններուն մէջ եւ կը տարածուի դէպի ոսկորները: Այն քաղցկեղը, որ կը տարածուի ոսկորներուն մէջ, կը կոչուի այդ նոյն անունով, ուրկէ անիկա սկսած է: Օրինակի համար, քաղցկեղ մը, որ կը սկսի թոքերուն մէջ եւ կը տարածուի դէպի ոսկորները տակաւին կը նկատուի թոքի քաղցկեղ: Առողջապահութեան մասնագէտներ զայն կը կոչեն թոքի քաղցկեղ, որ «մեթասթազ» եղած է ոսկորներուն մէջ:
Ոսկորներուն մէջ յառաջացող քաղցկեղը հազուադէպ է: Գոյութիւն ունին ոսկրային քաղցկեղի տարբեր տեսակներ: Ոսկրային քաղցկեղի կարգ մը տեսակներ կը պատահին փոքրիկներու մօտ, իսկ այլ տեսակներ՝ մեծերու մօտ:
Ոսկրային քաղցկեղի ամենէն տարածուած բուժումները կը ներառեն. վիրաբուժութիւն, ճառագայթում եւ քիմոթերափի: Ոսկրային քաղցկեղի լաւագոյն բուժումը կախեալ է ոսկրային քաղցկեղի տեսակէն, թէ ո՞ր ոսկորը ախտահարուած է, ինչպէս նաեւ՝ այլ գործօններէ:
Ախտանշաններ
Ոսկրային քաղցկեղի նշաններ եւ ախտանշաններ կը ներառեն.
- Ոսկորի ցաւ
- Ուռեցք եւ փափկութիւն ախտահարուած տեղի մօտ
- Տկարացած ոսկոր, որ կրնայ յանգեցնել ոսկորի կոտրուածքի
- Շատ մեծ յոգնածութեան զգացում
- Կշիռքի կորուստ առանց առանց աւելորդ ճիգ թափելու
Ե՞րբ դիմել բժիշկի
Ժամադրուիլ բժիշկի կամ առողջապահութեան մասնագէտի մը հետ, եթէ որեւէ մտահոգիչ ախտանշան կը նկատուի:
Տեսակներ
-Քոնտրոսարքոմա
-Եուինկ սարքոմա
-Օսթէոսարքոմա
1.Քոնտրոսարքոմա
Քոնտրոսարքոման քաղցկեղի հազուագիւտ տեսակ է, որ ընդհանրապէս կը սկսի ոսկորներուն մէջ, բայց եւ այնպէս կրնայ պատահիլ նաեւ ոսկորներու մօտ գտնուող փափուկ հիւսուածքներու մէջ: Քոնտրոսարքոման աւելի յաճախ կրնայ պատահիլ ազդրի, կոնքի եւ ուսի հատուածին մէջ: Հազուադէպ կրնայ պատահիլ նաեւ ողնայարի ոսկորներուն մէջ:
Քոնտրոսարքոմաներուն մեծ մասը դանդաղ կ՛աճի եւ կրնայ որեւէ նշան կամ ախտանշան ցոյց չտալ սկիզբը: Կարգ մը հազուադէպ տեսակներ արագօրէն աճ կ՛արձանագրեն եւ մարմնին այլ մասերը տարածուելու մեծ վտանգ կ՛ունենան, ինչ որ կրնայ դժուարացնել անոնց բուժումը:
Քոնտրոսարքոմայի բուժումը սովորաբար կը ներառէ վիրահատութիւն: Այլ տարբերակները կրնան ընդգրկել ճառագայթային թերափին եւ քիմոթերափին:
2.Եուինկ սարքոմա
Եուինկ սարքոման քաղցկեղի տեսակ մըն է, որ կը սկսի ոսկորներու եւ ոսկորներու շուրջ գտնուող փափուկ հիւսուածքներու բջիջներու աճով: Եուինկ սարքոման մեծամասամբ կը պատահի փոքրիկներուն եւ երիտասարդներուն, հակառակ անոր որ կրնայ պատահիլ նաեւ որեւէ տարիքի:
Եուինկ սարքոման աւելի յաճախ կը սկսի ոտքի ոսկորներուն եւ ազդրին մէջ, բայց կրնայ պատահիլ նաեւ որեւէ ոսկորի մէջ: Աւելի նուազ, անիկա կրնայ յառաջանալ կրծքավանդակի, որովայնի, ձեռքերու կամ այլ տեղերու փափուկ հիւսուածքներուն մէջ:
Վերոնշեալ քաղցկեղի բուժման հիմնական ձեռքբերումները բարելաւում արձանագրած են այս քաղցկեղին նկատմամբ հեռանկարը: Եուինկ սարքոմայով ախտորոշուած երիտասարդներ սկսած են երկար ապրիլ: Անոնք երբեմն դէմ հանդիման կու գան զօրաւոր բուժումներէ յառաջացած ուշացած ազդեցութիւններու: Առողջապահութեան մասնագէտներ յաճախ կը թելադրեն բուժումէ ետք կողմնակի ազդեցութիւններու երկարաժամկէտ վերահսկում:
3.Օսթէոսարքոմա
Օսթէոսարքոման քաղցկեղի տեսակ մըն է, որ կը սկսի ոսկորները կազմող բջիջներուն մէջ: Այս քաղցկեղը առաւելաբար կը տեսնուի դեռահասներու եւ երիտասարդներու մօտ, բայց նաեւ կրնայ պատահիլ փոքրիկներու եւ մեծերու մօտ:
Օսթէոսարքոման կրնայ սկսիլ որեւէ ոսկորի մէջ: Անիկա առաւելաբար կը յայտնուի ոտքերու երկար ոսկորներուն մէջ եւ երբեմն ալ՝ ձեռքերուն: Հազուադէպ, անիկա կրնայ սկսիլ ոսկորէն դուրս գտնուող փափուկ հիւսուածքի մէջ:
Օսթէոսարքոմայի բուժման ձեռքբերումները դարձեալ բարելաւում արձանագրած են այս քաղցկեղին նկատմամբ հեռանկարը: Օսթէոսարքոմայի բուժումէն ետք, մարդիկ կրնան ուշացած ազդեցութիւններ ունենալ՝ քաղցկեղը վերահսկելու համար օգտագործուած զօրաւոր բուժումներէն: Առողջապահութեան մասնագէտներ յաճախ կը թելադրեն «մոնիթըրինկ» կեանքին մինչեւ վերջը՝ բուժումէ ետք կողմնակի ազդեցութիւններու համար: