Ճափոնի ֆիզիոլոճիքըլ գիտութիւններու Ազգային հիմնարկի գիտնականները յայտնաբերած են գլխուղեղի բջիջներ, որոնք կրնան նուազեցնել բորբոքումը ճարպային հիւսուածքին մէջ, որ մինչ այդ կապուած էր սրտանօթային հիւանդութիւններու հետ, գրած է Cell Reports-ը։
Հետազօտողները փորձեր կատարած են ճարպակալում ունեցող մուկերու վրայ։ Անոնք յայտնաբերած են, որ ուղեղի նիւրոնները (նեարդային բջիջները), որոնք կ՛արտադրեն SF1 սպիտակուց, կրնան նուազեցնել բորբոքումը սպիտակ ենթամաշկային ճարպային հիւսուածքին մէջ։ Այդ նիւրոնները կը գտնուին «հայփոթալամըս»ին մէջ՝ ուղեղի այն հատուածին մէջ, որ կը վերահսկէ անօթութիւնը եւ «մեթապոլիզմ»ը։
«Մենք պարզեցինք, որ առանց SF1 արտադրող նիւրոններու մուկերը գիրցած են ինչպէս բնական սննդականոնի, այնպէս ալ ճարպերու բարձր պարունակութեամբ սննդականոնի պարագային»,- նշած են գիտնականները։
Օրկանիզմին մէջ գոյութիւն ունին ճարպային հիւսուածքի տարբեր տեսակներ։ Սպիտակ ճարպային հիւսուածքը ճարպի առաւել տարածուած ձեւն է եւ հիմնականին մէջ կը ծառայէ որպէս քալորիներու պաշար, այն պարագային, երբ գորշ ճարպային հիւսուածքը կարեւոր դեր կը խաղայ «թերմոճենըսիզ»ի մէջ՝ տաքութեան արտադրութեան ժամանակ, ի հաշիւ քալորիներու այրումին։ Վերջերս կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ բորբոքումը սպիտակ ճարպային հիւսուածքին մէջ կրնայ կապուած ըլլալ ճարպակալում ունեցող մարդոց մօտ սրտանօթային հիւանդութիւններու բարձր հաւանականութեան հետ։
Աշխատանքին հեղինակներու ուսումնասիրած նիւրոններու աշխուժացումը կրնայ յանգեցնել ճարպակալման եւ ատոր հետ կապուած հիւանդութիւններու բուժման նոր մեթոտներու ստեղծման։