Ուղեղի չարորակ ուռուցքներու դէմ պատուաստը անցած է քլինիքային փորձարկումներու առաջին հանգրուանը: Պարզուած է, որ պատուաստը անվտանգ է եւ յառաջացուցած է ուռուցքային հիւսուածքի մէջ դիմադրողական ցանկալի պատասխան, հաղորդած է Nature ամսագիրը:
Newatlas.com-ին համաձայն, քանի մը տարի առաջ մշակուած է IDH1 սպիտակուցի հատուածի արհեստական տարբերակ մը՝ այս տեսակի քաղցկեղի բնորոշ «միւթէյշըն»-ով: Այս «միւթէյշըն»-ին յատուկ «բեբդիտ»-ային պատուաստը կրցած է կանգնեցնել քաղցկեղի բջիջներու աճը մուկերու մօտ IDH1 «միւթէյշըն»-ով:
Մարդոց վրայ (գիտելիքներու ստուգման առաջին հանգրուանի ծիրին մէջ) դեղը փորձարկուած է IDH1 «միւթէյշըն»-ով 33 հիւանդներու մօտ: Անոնք «սթանտարտ» բուժումէն բացի ստացած են «բեբդիտ»-ային պատուաստ: Դիմադրողական պատասխանը գնահատուած է 30 հիւանդի մօտ:
Հիւանդներու 93%-ին մօտ դիմադրողական համակարգը ցոյց տուած է պատուաստի յատուկ պատասխան: Բուժումէն ետք, եռամեայ գոյատեւման մակարդակը ամբողջապէս պատուաստուած հիւանդներու մօտ կազմած է 84%, հիւանդներու 63%-ին մօտ ուռուցքը չէ զարգացած նոյն ժամանակաշրջանին մէջ: Այնուամենայնիւ, պատուաստուածներէն ոչ մէկուն մօտ լուրջ կողմնակի բարդութիւններ նկատուած են: