Ցզինանի համալսարանի Բժշկական դպրոցի գիտնականները բացայայտած են, որ ուտելու վատ սովորութիւնները ուսանողութեան շրջանին կրնան յանգեցնել առողջական խնդիրներու ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ ճարպակալման, շնչառական հիւանդութիւններու եւ «տիփրեշըն»ի։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Preventive Medicine Reports ամսագրին մէջ։
Հետազօտութեան մասնակցած է մօտաւորապէս 12 հազար բժիշկ-ուսանող Չինաստանի 31 համալսարաններէ։ Գիտնականները բացայայտած են, որ ուսանողական այն բնորոշ սննդաբաժինը, որ ունի շաքարի եւ քալորիներու բարձր պարունակութիւն, կապուած է ճարպակալման բարձր վտանգի հետ։ Այդ կրնայ յանգեցնել «սթրես»ի եւ «տիփրեշըն»ի, որոնք յաճախ կը խորանան չափէն աւելի ուտելով։
Բացի ատկէ, վատ սննդային սովորութիւնները կապուած են վարակիչ հիւանդութիւններու բարձր վտանգին հետ, այդ շարքին այն հիւանդութիւններուն, որոնք կը վնասեն շնչուղիները, օրինակ՝ COVID-19-ը։
«Մենք պէտք է մտածենք սնուելու միջավայրի մասին, որ կը ստեղծենք ուսանողներու համար։ Մենք պէտք է համոզուինք, որ մեր ճաշարաններուն մէջ եւ vending machine-ներուն մէջ կան առողջ սնունդի տարբերակներ, որպէսզի անոնք կարենան ուտել ոտքի վրայ, բայց ընտրելով առողջ սնունդ»,- նշած են գիտնականները։