Եթէ դուք կարենաք աստիճաններով չորս յարկ բարձրանալ, մօտաւորապէս մէկ վայրկեանի մէջ, այդ մէկը կը վկայէ ձեր սիրտի բնական վիճակի մասին: Այս մասին ըսուած է նոր հետազօտութեան մը մէջ, որ ներկայացուած է «Եւրոպական սրտաբանական համայնքի համաժողով»-ի ժամանակ:
Medportal յայտնած է, որ հետազօտութեան հեղինակները փափաքած են գտնել սիրտի առողջութիւնը գնահատելու արագ եւ մատչելի միջոց մը, որ կ՛օգնէ բժիշկներուն հասկնալու՝ որ հիւանդները ունին սիրտի «իշեմիք» (հիւսուածքներուն՝ արիւնի մատակարարումի սահմանափակում) հիւանդութիւնը ախտորոշելու համար լրացուցիչ հետազօտութիւններու կարիք:
«Աստիճաններու քննութիւնը պարզ միջոց մըն է սիրտի առողջութիւնը ստուգելու համար: Եթէ դուք ունիք աւելի քան 1,5 վայրկեանի կարիք, որպէսզի չորս յարկ բարձրանաք, ապա ձեր առողջութիւնը կարելի է անուանել ոչ այդքան լաւ, եւ այդ պարագային, անհրաժեշտ է խորհրդակցիլ բժիշկին հետ»,- ըսած է բժիշկ Հեսուս Փեթեյրոն:
Հետազօտութեան մասնակցած է 165 մասնակից՝ սիրտի «իշեմիք» հիւանդութեան ախտանշաններով: Անոնք ունեցած են վազքուղիի վրայ փորձեր՝ աստիճանաբար աւելցնելով ծանրաբեռնուածութիւնը: Այնուհետեւ, հանգստանալէն ետք, անոնք պէտք է արագ եւ առանց դադարի բարձրանային աստիճանները (չորս յարկ կամ 60 աստիճան), սակայն առանց վազելու:
Գիտնականները չափած են, թէ որքան ուժ կը վատնեն հետազօտութեան մասնակիցները վարժութիւնները կատարելու ժամանակ: Այդ մէկը գնահատելու համար, անոնք օգտագործած են յատուկ միաւորներ՝ «մեթապոլիք» համարժէքներով (ՄԷ. անոնք կը բաղդատեն թթուածինի եւ «էներճի»-ի քանակի հետ, որ մարդ արարածը կը վատնէ հանգիստի եւ աշխուժութեան ժամանակ): Աւելի կանուխ յայտնի էր, որ վարժութիւններու ժամանակ, այդ քանակով «էներճի» վատնելու ունակութիւնը կապուած է մահուան վտանգի 10 առ հարիւրով նուազեցումի հետ:
Մարդիկ, որոնք կը յաջողէին յաղթահարել աստիճաններու փորձութիւնը 40-45 վայրկեանի մէջ, ունէին «էներճի»-ն վատնելու լաւագոյն ցուցանիշները. անոնք վատնած էին 9-10 ՄԷ: Մարդիկ, որոնք վատնած էին աւելի քան 1,5 վայրկեան, վատնած էին 8 ՄԷ-էն պակաս: Նախորդող հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այդ մէկը կը մատնանշէ մահուան վտանգի 30 առ հարիւրով բարձրացում՝ յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին: