Բրիտանացի դեղագործներ Սատիք ալ-Հասան եւ Մայք Հիուիթսըն «The Sun»ին խօսած են սովորական սխալներու մասին, որոնք մարդոց մեծամասնութիւնը կ՛ընեն, եղանակային վիրուսային վարակները տան մէջ բուժելու ժամանակ: Անոնք թուարկած են հետեւեալ սխալները՝
- Վիթամին C-ի օգնութեամբ դուք կրնաք բուժուիլ Սուր Շնչառական Վարակէն (ՍՇՎ)
Բորբոքումներու բռնկման եղանակին մարդիկ յաճախ վիթամին C կը ստանան, սակայն շատ քիչ ապացոյցներ կան, որ այդ մէկը իսկապէս կ՛օգնէ։ Որոշ հետազօտութիւններու համաձայն՝ ատոր ընդունման շնորհիւ պաղառութիւնը կրնայ աւելի արագ անցնիլ, սակայն վկայութիւնները տակաւին բաւարար համոզիչ չեն»,- ըսած է դեղագործ Սատիք ալ-Հասան։
- «Էքինէյշա»ն օգտակար է ցրտահարութեան ժամանակ
Այս բոյսին կը վերագրուի դիմադրողական համակարգը խթանելու ունակութիւնը, որու շնորհիւ մարմինը կրնայ աւելի արագ յաղթահարել պաղառութիւնը կամ «կրիփ»ը: Ըստ դեղագործին՝ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ «Էքինէյշա»ի ընդունումը կրնայ որոշ չափով նպաստել սուր շնչառական վարակի կանխարգիլման, բայց հիւանդութեան պարագային դեղի արդիւնաւէտութիւնը շատ ցած է։
- Հակապայոթիքներու օգտագործումը
Մասնագէտները շատ աւելի լուրջ սխալ անուանած են հակապայոթիքներու օգտագործումը։ Անոնք կը նշեն, որ պաղառութիւնը եւ «կրիփ»ը վիրուսային վարակներ են, որոնք չեն բուժուիր հակապայոթիքներով։ Սուր շնչառական վարակի դէմ դեղեր չկան։ Դեղերը, որոնք սովորաբար կը նշանակուին հիւանդներուն, միայն կ՛անհետացնեն տհաճ ախտանիշները:
«Անմիջապէս պաղառութեան եւ «կրիփ»ի բուժում գոյութիւն չունի, գլխաւորը ախտանիշները նուազեցնելն է, ինչպէս՝ տաքութիւնը, նաեւ կարեւոր է շատ ջուր խմել»,- նշած են դեղագործները։