Գիտնականներու միջազգային խումբը, շաքարախտով հիւանդներու արեան մէջ, յայտնաբերած է չորս սպիտակուցային «պայոմարքըր», որոնք կապուած են հիւանդներու կեանքի յաջորդ ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին, երիկամներու եւ սրտի ծանր հիւանդութիւններու 3,8-6 անգամ աւելի բարձր հաւանականութեան հետ: Գիտնականներու եզրակացութիւնները հրապարակուած են Circulation ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:
«2-րդ տիպի շաքարախտ ունեցողներու առողջութեան վերաբերեալ մեր դիտարկումները ցոյց տուած են, որ չորս «կենսամարքըր»ներու՝ NT-proBNP, hs-cTnT, GDF-15 եւ IGFBP7 բարձր քանակը կապուած են երիկամներու եւ սրտի հիւանդութիւններու արագ զարգացման բարձր վտանգին հետ: «Քանակլիֆլոզին հակատայեպիթիք» դեղի ստացումը զգալիօրէն դանդաղեցուց այս «պայոմարքըր»ներու աճը»,- կը գրեն հետազօտողները։
Միջին հաշիւով, այս սպիտակուցներու բարձր քանակը կապուած է երիկամներու հիւանդութեան վտանգի մօտաւորապէս 3,8 անգամ եւ սրտի ու անօթային հիւանդութիւններու մօտաւորապէս վեց անգամ բարձրացման հետ: Այս վտանգները զգալիօրէն կրճատուեցան, երբ հիւանդները ստացան «քանակլիֆլոզին», ինչ որ մօտաւորապէս կրկնակի նուազեցուց բոլոր չորս «կենսամարքըր»ներու աճը: Հեղինակները կը կարծեն, որ այս արդիւնքները կը խօսին երիկամներու հետ կապուած խնդիրներ ունեցող շաքարախտով տառապող հիւանդներու ծիրին մէջ «քանակլիֆլոզին»ի եւ յարակից դեղերու կանուխ ընդունման օգտին։
Այս եզրակացութեան յանգած են ամերիկացի, եւրոպացի, աւստրալիացի եւ չինացի բժիշկներու խումբը՝ Հարվըրտի համալսարանի փրոֆեսոր Ճեյմս Եանուզիի գլխաւորութեամբ, որոնք CREDENCE նախագիծի ծիրին մէջ դիտարկած են 2-րդ տիպի շաքարախտ (աւելի քան 2,6 հազար) ունեցողներու կեանքը: Ատոր կը մասնակցէին «տայեպեթիք»ներ, որոնք կը տառապէին երիկամներու գործունէութեան խանգարումէ եւ համաձայնած են երեք եւ աւելի երկար տարի շարունակել մշտադիտարկել իրենց առողջութիւնը:
Այս դիտարկումներու ընթացքին, բժիշկները հիւանդներէն արեան նմուշներ առած են, ինչպէս նաեւ հետեւած են, թէ ինչպէ՞ս անոնց վիճակին վրայ կ՛ազդէ «քանակլիֆլոզին»ը, որ յայտնի «հակատայեպիթիք» դեղերէն մէկն է, որ կ՛արագացնէ երիկամներու միջոցով շաքարի հեռացումը օրկանիզմէն: Գիտնականներուն շատոնց կը հետաքրքրէր, թէ որքանո՞վ անվտանգ է այս դեղըը երիկամներու թեթեւ եւ միջին ծանրութեան խնդիրներ ունեցող «տայեպեթիք»ներու համար: Կատարուած դիտարկումները ցոյց տուած են, որ դեղի ստացումը զգալիօրէն կը նուազեցնէ երիկամներու եւ սրտի հիւանդութիւններու զարգացման վտանգը։
Անոնք նաեւ յայտնաբերած են չորս «պայոմարքըր»ներու շարք մը, որոնց քանակը արեան մէջ կ՛արտացոլացնէ ժամանակի ընթացքին «տայեպիթիք» երիկամային անբաւարարութեան արագ զարգացում: Անոնք կը ներառէին NT-proBNP, hs-cTnT, GDF-15 եւ IGFBP7 սպիտակուցները, որոնցմէ քանի մը հատը արդէն կ՛օգտագործուին 2-րդ տիպի շաքարախտ չունեցող հիւանդներու մօտ սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման վտանգը գնահատելու համար: Շաքարախտով հիւանդներու մօտ երիկամներու եւ սրտի հիւանդութիւններու կանուխ ախտորոշման համար «կենսամարքըր»ներու օգտագործումը կ՛օգնէ երկարաձգելու անոնց կեանքը, եզրակացուցած են գիտնականները: