Քորոնա ժահրին դէմ «Սփութնիք V» պատուաստը չի կրնար ազդել մարդու «ճենոմ»-ին կամ ճենեթիք ժառանգականութեան վրայ, յայտնած է Գամալիոյ անուան համաճարակաբանութեան եւ մանրէաբանութեան հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Ալեքսանտր Կինցպուրկը:
«Եթէ դեղը մարդու օրկանիզմին մէջ չի բազմանար, ապա անիկա չի կրնար որեւէ ձեւով փոխազդել եւ «ինթեկրուիլ» մեր «նուքլէինաթթու»-ի հետ: Հետեւաբար, «Սփութնիք V»-ը ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել «նուքլէինաթթու»-ի, ժառանգականութեան, ինչպէս նաեւ՝ մեր ժառանգական նիւթի փոփոխութեան հետ կապուած որեւէ այլ բանի վրայ»,- ըսած է մասնագէտը:
Խօսելով «Սփութնիք V»-ով պատուաստուելէն ետք քորոնա ժահրով վարակումի կարելիութեան մասին՝ Կինցպուրկ նշած է, որ կարելի է վարակուիլ, եթէ երկրորդ պատուաստումէն երեք շաբաթ դեռ չէ անցած: Սակայն, այս պարագային, հիւանդութիւնը մեղմ կ՛ըլլայ: Եթէ պատուաստի առաջին բաղադրիչը ստանալէն ետք երրորդ կամ հինգերորդ օրը մարդ հիւանդանայ, իրավիճակը կրնայ աւելի բարդ ըլլալ: Իսկ եթէ պատուաստի երկրորդ բաղադրիչի ներարկումէն անցած է երեք շաբաթ, 100 առ հարիւր երաշխաւորութիւն կը տրուի, որ հիւանդութիւնը ծանր կերպով չի գոյանար, նշած է Կինցպուրկ: