Վիտամին D-ի ստացումը չի կրնար «տիփրէշըն»-էն պաշտպանել միջին եւ մեծ տարիքի մարդիկը: Այս մասին կը վկայեն նոր հետազօտութեան արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են JAMA ամսագիրին մէջ:
Չնայած անոր, որ շատերը վիթամին D կը ստանան տրամադրութեան բարձրացումին համար, նոր հետազօտութեան հեղինակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեթս նահանգի գլխաւոր հիւանդանոցի հոգեբուժութեան բաժանմունքի բժիշկ Օլիվիա Օքերեքեն, իր հետազօտութեան արդիւնքներով յայտնաբերած է, որ այդ վիթամինի ստացումը որեւէ էական օգուտ չի կրնար տալ՝ «տիփրէշըն»-ի կամ տրամադրութեան բարձրացումի տեսանկիւնէն:
Գիտնականին հետազօտութեան մասնակցած են 50 եւ վեր տարիքի աւելի քան 18 000 տղամարդիկ եւ կիներ:
Անոնցմէ ոչ մէկուն մօտ դարմանատնային «տիփրէշըն»-ի նշաններ յայտնաբերուած են:
Ապա ստուգուած է, թէ արդեօք վիթամին D3-ը կը կանխէ՞ «տիփրէշըն»-ը:
Հետազօտութեան հեղինակին խօսքով՝ գիտական խնդիրներէն մէկը այն է, որ «տիփրէշըն»-ի կանխումի մասին հարցի ստուգման համար անհրաժեշտ են մեծ թիւով մասնակիցներ՝ մօտաւորապէս 20 000:
Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ արեան մէջ վիթամին D-ի ցած մակարդակը կապուած է «տիփրէշըն»-ի աւելի բարձր վտանգի հետ կեանքի աւելի ուշ հանգրուանի մէջ, սակայն շարք մը անյետաձգելի հետազօտութիւններ կատարուած են՝ պատճառահետեւանքային կապի յայտնաբերումին համար:
Հետազօտութեան ընթացքին, մասնակիցներու կէսը վիթամին D3-ի («քոլեքալսիֆերոլ») յաւելում ստացած է, իսկ միւս կէսը՝ «փլասիպօ»՝ 5 տարուան ընթացքին:
Ինչպէս յայտնած են Օքերեքեն եւ անոր խումբը, անոնք էական տարբերութիւն չեն յայտնաբերած մասնակիցներու երկու խումբերուն միջեւ:
«Այս արդիւնքները ցոյց կու տան, որ վիթամին D3-ի յաւելում օգտագործելէն որեւէ օգուտ չկայ 50 եւ աւելի վեր տարիքով մարդոց մօտ «տիփրէշըն»-ը կանխելու համար: Մեր հետազօտութիւնը չի նշանակեր, որ այդ վիթամինի օգտագործումէն որեւէ օգուտ չկայ»,- ըսած է հետազօտութեան հեղինակը: