Մարդու փափիլոմաժահրի դէմ պատուաստի մէկ չափաբաժինը կրնայ երկար տարիներ պաշտպանել կնոջ՝ քաղցկեղ յառաջացնող ժահրով վարակուելէն, յայտնած են Մելպուրնի համալսարանի գիտնականները: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է The Lancet Regional Health ամսագրին մէջ:
Ֆիճիի մէջ կատարուած հետազօտութեան մասնակցած է աւելի քան 800 կին։ Վերլուծումները ցոյց տուած են, որ ութ տարուան ընթացքին պատուաստը 81 առ հարիւրով արդիւնաւէտ գործած է Մարդու փափիլոմաժահրի 16 եւ 18 ամէնէն տարածուած երկու տարբերակներուն դէմ, որոնք կը յառաջացնեն արգանդի վզիկի քաղցկեղի մօտաւորապէս 70 առ հարիւրը։
Նախապէս այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ Մարդու փափիլոմաժահրի պատուաստի մէկ չափաբաժինը ունեցած է նոյն արդիւնաւէտութիւնը (97,5 առ հարիւր), ինչ որ ունեցած են երկու կամ երեք դեղաչափերը:
Արգանդի վզիկի քաղցկեղը կիներու շրջանակին մէջ քաղցկեղի մահուան չորրորդ հիմնական պատճառն է ամբողջ աշխարհի մէջ, իսկ արգանդի վզիկի քաղցկեղի դէպքերու 88 առ հարիւրը ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներուն մէջ է: Շատ պարագաներու հիւանդութիւնը կարելի է կանխել պատուաստումներու միջոցով, սակայն 2021 թուականի դրութեամբ աշխարհի մէջ աղջիկներու միայն 13 առ հարիւրը պատուաստուած է:
Սկիզբէն պատուաստումներու «սքեման» կը յանձնարարէր երկու կամ երեք դեղաչափ՝ առաւելագոյն պաշտպանութիւն ապահովելու համար: Այնուամենայնիւ, շատ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մէկ պատուաստումը նոյնքան արդիւնաւէտ է: