Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է փոլիոմիելիթի առաջին պարագան գրեթէ տասնամեակէ մը ի վեր: Հիւանդութիւնը պատահած է չպատուաստուած չափահաս երիտասարդի մը, որ երկիրը չէր ձգած վերջերս, գրած է USA Today-ը։
Դէպքը, որ ուղեկցուած է կաթուածի ախտանիշներով, բարձր զգօնութեան վիճակի մատնած է Նիւ Եորքի Ռոքլենտ շրջանի հանրային առողջապահութեան աշխատակիցները:
Ի՞նչ պէտք է գիտնալ փոլիոմիելիթի մասին.
Փոլիոմիելիթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն վերացուած էր 1979 թուականին։ Այդ ժամանակէն ի վեր, երկրին մէջ փոլիոմիելիթի ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է։
Փոլիոմիելիթին բուժումը չկայ. պատուաստը միակ պաշտպանութիւնն է:
Մասնագէտներու կարծիքով՝ փոլիոմելիթի դէմ պաշտպանութիւնը երկար տարիներ կը տեւէ։ Պատուաստի երեք չափաբաժինները 99էն 100 առ հարիւր արդիւնաւէտ կը նկատուին:
Աշխարհի մէջ կան երկու տեսակի փոլիոմիելիթի պատուաստ. Միացեալ Նահանգներու մէջ 2000 թուականէն ի վեր պատուաստը կրնայ կատարուիլ միայն «անաքթիվացուած փոլիոժահրային» պատուաստի ներարկումով, եւ այդ պատուաստէն փոլիոմիելիթով վարակման վտանգ չկայ:
Բերանի փոլիոժահրի դէմ պատուաստը տակաւին կ՛օգտագործուի շատ մը այլ երկիրներու մէջ: Անիկա տկար կենդանի ժահր կ՛ընդգրկէ, որ փոքրիկներուն կը տրուի բերանի խոռոչին մէջ կաթիլներու միջոցով։ Հազուագիւտ պարագաներուն, տկար ժահրը կրնայ վարակ փոխանցել:
Փոլիոմիելիթը կը յառաջանայ փոլիոմիելիթէն: Փոլիոժահրը կրնայ վարակել մարդոց՝ առանց որեւէ ախտանիշ յառաջացնելու։
Ամէնէն լուրջ ախտանիշը կաթուածն է, որ կը յառաջանայ իւրաքանչիւր 200 վարակուած մարդոց մօտ մէկի պարագային: Անիկա հիմնականին մէջ կ՛ազդէ 5 տարեկանէն վար փոքրիկներու վրայ եւ կրնայ նոյնիսկ մահուան յանգեցնել:
Փոլիոժահրը խիստ վարակիչ է: Անիկա կը ներթափանցէ օրկանիզմ բերանի միջոցով. կ՛ապրի կոկորդին եւ աղիքներուն մէջ եւ յաճախ կը տարածուի սնունդի եւ ջուրի մէջ վարակուած մարդու կղանքի մանր մասնիկներու հետ շփման միջոցով:
Փոլիոմիելիթով վարակուած որոշ մարդոց մօտ տասնամեակներ անց կրնայ յետփոլիոմիելիթի համախտանիշ զարգանալ: Ատոր ախտանիշները մկանային թուլութիւն եւ «աթրոֆիա» (ապաճում), յոգնածութիւն եւ յօդացաւ կը ներառեն։ Այս հիւանդութիւնը վարակիչ չէ։