Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ աշխարհի մէջ քոլերայի տարածման շատ մեծ հաւանականութիւն կայ։ Կազմակերպութեան տուեալներով՝ տարեսկիզբէն քոլերայի բռնկումներ արձանագրուած են 25 երկիրներու մէջ, ինչ որ 9 երկիրով աւելի է, քան 2022ի նոյն ժամանակամիջոցին։
Ժամանակի առումով, վերջին ծանուցումը այս հիւանդութեան յայտնաբերման մասին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ստացած է Մայիսին Հնդկաստանէն։ Անցեալ տարուան նոյն ժամանակամիջոցին քոլերայի դէպքեր նշուած են 16 երկիրներու մէջ։ «Հաշուի առնելով բռնկումներու թիւը եւ ատոնց աշխարհագրական տարածուածութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ պատուաստներու եւ այլ աղբիւրներու անբաւարարութիւնը, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը շարունակէ միջազգային մակարդակով վտանգը գնահատել շատ բարձր»,- նշուած է կազմակերպութեան տեղեկագրին մէջ։
Որոշ երկիրներու եւ տարածաշրջաններու մէջ քոլերայի տարածման նպաստող գործօններէն են, (կը տեղեկացնէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը) մասնաւորաբար, անձրեւներու եղանակը Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, որ կ՛երկարի Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր։ Բացի ատկէ, Էլ Նինիօ բնական երեւոյթը, որ սովորաբար կը յանգեցնէ անձրեւներու քանակի բարձրացման Հարաւային Ամերիկայի հարաւային կողմը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հարաւը, ինչպէս նաեւ՝ Ափրիկեան «հօրն»ի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, «ամենայն հաւանականութեամբ, կը փոխէ քոլերայի բռնկումներու «տայնեմիք»ը», որովհետեւ ջուրի աւելի բարձր ջերմաստիճանը՝ կապուած Էլ Նինիոյի հետ, նոյնպէս կրնայ նպաստել «վիպրիօ» քոլերայի բազմացման ջրային միջավայրի մէջ»։
Հիւանդութիւնը յատկապէս խիստ եղած է Ափրիկէի համար։ Տարեսկիզբէն քոլերայի դէպքերու մասին յայտնած են ափրիկեան 14 երկիրներ։ Հիւանդութեան բռնկումներ արձանագրուած են, մասնաւորաբար, Քոնկոյի, Քամերունի, Մալաուիի, Մոզամպիքի, Սոմալիօ, Եթովպիայի եւ Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան մէջ։
Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը արձանագրուած է քոլերայի աւելի քան 109 հազար դէպք, այդ երկրի մնացեալ տարածքին մէջ՝ աւելի քան 74 հազար, Աֆղանիստանի մէջ՝ աւելի քան 98 հազար, Մալաուիի՝ 58 հազար, Հայիթիի՝ մօտաւորապէս 55 հազար, իսկ Մոզամպիքի մէջ՝ աւելի քան 33 հազար։
Քոլերան յատկապէս վտանգաւոր վարակիչ հիւանդութիւն է, որ կը յառաջանայ քոլերայի «վիպրիօ»-ներէն։ Անիկա կը յառաջանայ վարակուած սնունդի կամ ջուրի միջոցով օրկանիզմին մէջ յայտնուած յարուցիչէն։