Ուղեղի մահուան ախտորոշումով կիներ կրնան մանուկ ունենալ: Անոնց առաջարկուած է որպէս փոխնակ մայրեր օգտագործել, յայտնած են Օսլոյի համալսարանի գիտնականները: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Journal of Theoretical Medicine and Bioethics ամսագրին մէջ։
Գաղափարը առաջին անգամ ծագած է 2000 թուականին՝ իսրայելացի հետազօտող Ռոզալի Պերի մօտ: Ան նշած է, որ թէեւ ամբողջ մարմնի «տոնոր»ութեան հայեցակարգը կրնայ հոգեբանական անյարմարութիւն յառաջացնել, «էթիք»ական խնդիրներու մեծ մասը, որոնք կրնան կապուած ըլլալ ատոր հետ, կը վերաբերին օրկաններու սովորական «տոնոր»ութեան:
Զեկուցումին հեղինակները նաեւ կը կարծեն, որ եթէ որոշ մարդիկ պատրաստ են, ուղեղի մահուան պարագային, իրենց ամբողջ մարմինը նուիրաբերելու՝ մանուկ մը ունենալու համար, ուրեմն անոնց պէտք է այդպիսի կարելիութիւն տրուի: