Քորոնաժահրային համավարակը կրնայ հասցնել հակապայոթիքներու նկատմամբ կայուն «պաքթիրիա»-ներու թիւի կտրուկ աճի, ինչպէս նաեւ՝ հիւանդանոցներու մէջ Candida auris սունկով հիւանդներու զանգուածային վարակման ալիքի:
Դէպքերու մեծ մասի պարագային, այս սունկը հիւանդներու մահուան կը յանգեցնէ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ, ինչ որ վտանգը առաւել մեծ է շնչառութեան եւ կերակրելու խողովակներով, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր «քաթետեր»-ներով հիւանդներու համար:
Իրավիճակը կը բարդանայ այն իմաստով, որ այս սունկը արդէն կայունութիւն ձեռք բերած է եղած դեղամիջոցներու նկատմամբ: Ատկէ անկախ, մեծ բժշկական կեդրոններէն դուրս, սունկերու այս տեսակը անկարելի է նոյնականացնել, որովհետեւ անոր համար անհրաժեշտ են սարքեր, որոնք ունին միայն լաւ սարքաւորուած տարրալուծարանները:
Գիտնականներու խօսքով, եթէ որեւէ բան չձեռնարկուի, ոչ հեռու ապագային, դեղերու նկատմամբ կայուն «միւթընթ» սունկը կրնայ ամէն տարի խլել տասնեակ հազարաւոր կեանքեր: