Որոշ հակաժահրային դեղամիջոցներ, որոնք այսօր կ՛օգտագործուին քորոնաժահրային բորբոքումի բուժման ծիրին մէջ, կրնան բացասաբար ազդել սիրտի եւ լեարդի վրայ: Այս մասին զգուշացուցած է Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան Սրտաբանութեան ազգային բժշկական հետազօտական կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Ֆիլիփ Փալէեւ:
Մասնագէտը նշած է, որ կարելի չէ առանց բժիշկի նշանակումին, առանձին որոշումով, առնել հակաժահրային դեղամիջոցներ:
Մասնագէտին խօսքով՝ չկան հաւաստի տեղեկութիւններ այն մասին, որ սիրտի հիւանդութիւն ունեցող մարդիկ COVID-19-ով աւելի յաճախ կը հիւանդանան, բայց բորբոքումը կրնայ խորացնել քրոնիք հիւանդութիւններու ընթացքը, այդ շարքին՝ սիրտի հիւանդութիւններու, եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ այդպիսի հիւանդներ վտանգի խումբին մէջ են: Պատահական չէ, որ «քորոնա» ժահրի զոհերու մեծամասնութեան մօտ եղած են ընկերակցող շեղումներ (բնական զարգացումէն), ինչպէս՝ սրտանօթային համակարգի հիւանդութիւն, սիրտի քրոնիք անբաւարարութիւն, բարձր արեան ճնշում, շաքարախտ եւ այլն:
Սրտաբանին խօսքով՝ ընդհանրապէս սրտանօթային հիւանդութիւններով մարդոց մօտ «քորոնա» ժահրի բորբոքումը աւելի ծանր կ՛ընթանայ սրացումներու պատճառով: Ան նման հիւանդներուն կոչ կ՛ուղղէ հետեւելու ինքնամեկուսացման, մաքրութեան եւ պաշտպանութեան անհատական միջոցներու օգտագործման հրահանգներուն: Ան նաեւ կը յանձնարարէ պարբերաբար չափելու զարկերակային ճնշումը եւ ցուցանիշները արձանագրելու օրագիրին մէջ, իսկ սովորական տուեալներէն զգալի շեղումներու պարագային կապ հաստատելու բժիշկին հետ: