Մասնագէտներու կարծիքով՝ ճիշդ սննդականոնը կրնայ նպաստել դիմադրողական համակարգի ամրապնդման եւ պատուաստումէն ետք պաշտպանութիւն ստեղծել քորոնա ժահրէն:
Ի՞նչ սնունդ ստանալ պատուաստումէն ետք:
Սպիտակուց
Քորոնա ժահրին դէմ պատուաստումէն ետք կը յանձնարարուի բաւարար քանակութեամբ սպիտակուցներ ուտել: Հիւանդութիւններու կանխարգիլման փորձագէտ տոքթոր Սանտրա Էլ Հաժ յայտնած է, որ պատուաստումէն ետք սպիտակուցներ ստանալը կրնայ օգնել կանխելու ֆիզիքական թուլութեան զգացողութիւնները:
«Ձեր մարմինը ստիպուած կ՛ըլլայ շատ ուժ վատնելու: Եթէ ձեր սննդակարգին մէջ բաւարար քանակութեամբ սպիտակուցներ չըլլան, մկաններու զանգուածը կը նուազի, որուն իբրեւ հետեւանք, դուք ձեզ աւելի թոյլ կը զգաք»,- ըսած է մասնագէտը:
Հաւասարակշռուած սննդակարգ
Իրականութեան մէջ չկան յատուկ ուտելիքներ, որ կրնան զօրացնել դիմադրողական համակարգը: Որպէսզի դիմադրողական համակարգը ճիշդ ձեւով գործէ, կը յանձնարարուի կարելի եղած չափով հաւասարակշռուած ուտել: «Սովորական առողջ սնունդ ստացէք՝ որքան կարելի է շատ բուսական բաղադրիչներով, ամբողջական ուտելիքներով եւ օգտակար իւղերով»,- ըսած է տոքթոր Ուիլիամ Լին: Ան նաեւ յանձնարարած է, որ խուսափինք Ultra-pasteurized սնունդէն եւ արհեստական քաղցրացուցիչներէն:
Ի՞նչ չ՛արժեր ընել
Պատուաստումներէն ետք, «մաքրող» հիւթերը եւ «տիթոքսը» վատ գաղափար է, յայտնած են կարգ մը մասնագէտներ: Այս բոլորը օգուտ չեն բերեր, հակառակը՝ կը տկարացնեն օրկանիզմը: «Մաքրող հիւթերը սպիտակուցներ եւ մանրաթելեր չեն պարունակեր: Անոնք այն երկու օգտակար նիւթերն են, որ կ՛օգնեն պաշտպանելու եւ ամրապնդելու դիմադրողական համակարգը»,- ըսած է սննդաբան Ճանեթ Քիմսզալ: