Հնդկաստանի մէջ յայտնաբերուած է քորոնա ժահրի նոր եւ վտանգաւոր տարբերակ մը, որ կը կոչուի «կրկնակի միւթանթ», ինչպէս նաեւ շտամներ, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած էին Մեծն Բրիտանիոյ, Հարաւային Ափրիկէի եւ Պրազիլիոյ մէջ:
Համավարակաբանները նշած են, որ նոր շտամը ունի ժահրի արդէն իսկ յայտնի երկու տարբերակներու յատկանիշները եւ ճիշդ այդ պատճառով զայն անուանած են «կրկնակի միւթանթ», փոխանցած է Theguardian.com-ը:
Բջիջային եւ մոլեքիւլային մանրէաբանութեան կեդրոնի (10 հետազօտական հաստատութիւններէն մէկը) տնօրէն, բժիշկ Ռաքէշ Միշրան նշած է, որ ժահրի նոր տարբերակը երկու «միւթէյշըն» ունի սպիտակուցի ձողիկին մէջ, որ ժահրը կ՛օգտագործէ՝ բջիջներուն ամրանալու համար: Մասնագէտին խօսքով՝ այս «ճենեթիք» փոփոխութիւնները կրնան մտահոգութիւն յառաջացնել, որովհետեւ կրնան նպաստել ժահրի աւելի դիւրութեամբ տարածման եւ խուսափում՝ դիմադրողական համակարգէն:
Նշենք, որ ժահրը «միւթէյշըն»-ի ենթարկուած է համավարակի ամբողջ ընթացքին: «Միւթէյշըն»-ներու մեծ մասը անհեթեթ են, բայց գիտնականները հետազօտած են, թէ ատոնցմէ ո՞ր տեսակները կրնան նպաստել ժահրի աւելի դիւրութեամբ տարածման կամ վատթարացնել մարդոց վիճակը:
Առաջին անգամ Հարաւային Ափրիկէի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Պրազիլիոյ մէջ յայտնաբերուած երեք տարբերակները նկատուած էին ամէնէն տագնապահարոյցը, եւ նշուած էին որպէս «մտահոգութիւն յարուցող տարբերակներ»: Այս երեք տարբերակները յայտնաբերուած էին Հնդկաստանի մէջ Դեկտեմբեր 30-էն սկսեալ, գրեթէ 11 հազար նմուշներու 7 առ հարիւրին մէջ: Ատոնցմէ ամէնէն տարածուածը առաւել վարակիչ տարբերակն է, որ անցեալ տարի յայտնաբերուած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ: