Յունուար 21-ին Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան գործակալութիւնը (UKHSA) արձանագրած է Օմիքրոնի նոր տեսակ մը՝ BA.2:
Հարվըրտի համալսարանի Պոսթընի մանկական հիւանդանոցի մասնագէտ Ճոն Պրաունշթայնի խօսքով՝ քորոնա ժահրի սովորական քննութիւնները դրական կամ բացասական արդիւնք կու տան, բայց չեն որոշեր ժահրին տեսակը։
Անոր խօսքով՝ Օմիքրոնը ունի «ճենեթիք» յատկութիւն, որ կը դիւրացնէ ախտորոշումը։ Այնուամենայնիւ, նոր BA.2 տարբերակը չունի այս յատկանիշը եւ, հետեւաբար, աւելի դժուար է ճանչնալը, քան BA.1-ը:
Abc news-ի համաձայն՝ Պրաունշթայն նաեւ նշած է, որ BA.2 տարբերակը կարելի է որոշել «ճենեթիքական» յաջորդականութեան արհեստագիտութեան միջոցով։ Միեւնոյն ժամանակ, հիւանդներու համար բաւական է «րէփիտ» կամ «PCR» քննութիւն ընել՝ քորոնա ժահրի գոյութիւնը ստուգելու համար։ Այս ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան մարմնին մէջ վարակի առկայութիւնը՝ անկախ ատոր տեսակէն:
Յայտնենք, որ Օմիքրոնի նոր տարբերակով՝ BA.2 վարակուածներու թիւը տակաւին շատ քիչ է։