«Օմիքրոն»ը գրեթէ ամբողջութեամբ դուրս մղած է «Տելթա»ն եւ դարձած՝ գերակշռող տարբերակը Անգլիոյ մէջ: Այս մասին կը վկայեն Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի մասնագէտներու հրապարակած տուեալները։
Հիւանդութեան մասին Յունուար 5-20-ի տուեալները ստացուած են շարունակուող REACT-1 ազգային հետազօտութեան ընթացքին, ուր կը գնահատուին հիւանդութեան մակարդակը Անգլիոյ բնակչութեան ծիրին մէջ եւ անոր վրայ ազդող գործօնները։ Այդ ընթացքին մասնագէտները կատարած են աւելի քան 100 500 PCR քննութիւն, եւ քորոնա ժահր յայտնաբերուած է հիւանդներու 4,41 առ հարիւրին մօտ։ Այս մէկը հիւանդութեան բարձրագոյն ցուցանիշն է համավարակի սկիզբէն, իսկ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին հետ բաղդատելով վարակուածներու թիւը աւելցած է երեք անգամով, նշած է Medportal.ruն:
Ժահրի նմուշներու ընտրովի «ճենոմային սիքուընսինկ»ը ցոյց տուած է, որ հիւանդներու 99 առ հարիւրը վարակուած է «Օմիքրոն»ով, եւ միայն 1 առ հարիւրը՝ «Տելթա»ով։ Այս մէկը կը վկայէ այն մասին, որ նոր տարբերակը գերակշռող դարձած է Անգլիոյ տարածքին։
Հետաքրքական է, որ «Օմիքրոն»ով վարակուածներու 64,6 առ հարիւրը արդէն վարակուած եղած է COVID-19-ով։
Միեւնոյն ժամանակ՝ վարակուածներու թիւը աստիճանաբար կը նուազի, չնայելով որ կայուն բարձր է, յատկապէս փոքրիկներու եւ անչափահասներու պարագային, ինչ որ հիմնականին մէջ կապուած է դպրոցական արձակուրդներու աւարտուելուն հետ։ Այդ կը յանգեցնէ վարակման աճի՝ տարեց բնակչութեան պարագային, որովհետեւ փոքրիկները կը վարակեն իրենց մեծ մայրերը եւ մեծ հայրերը։
Նշենք, որ հակառակ այս բոլորին, Մեծն Բրիտանիան աստիճանաբար կը վերադառնայ բնական կեանքի՝ հասկնալով, որ պէտք է սորվիլ գոյակցիլ ժահրին հետ։