Ֆրանսայի մէջ 15 փոքրիկներու մօտ վտանգաւոր ախտանիշ յայտնաբերուած է, որ կրնայ կապուած ըլլալ «քորոնա» ժահրին հետ:
Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Օլիվիէ Վերանի խօսքով՝ ան Փարիզի բժիշկներէն տեղեկութիւն ստացած է այն մասին, որ Ֆրանսայի մէջ մօտաւորապէս 15 փոքրիկ բարձր տաքութիւն ունի, մարսողական համակարգի հետ կապուած խնդիրներու եւ անօթներու բորբոքում, ինչ որ կրնայ սրտային անբաւարարութեան յանգեցնել:
Սակայն նախարարին փոխանցումով՝ փոքրիկներէն ոչ մէկը մահացած է:
Ան նշած է, որ կը դիմէ բժիշկներուն եւ գիտնականներուն, որպէսզի վերջիններս կարենան որքան կարելի է արագ պարզել՝ արդեօ՞ք կայ կապ «քորոնա» ժահրին եւ այդ երեւոյթներուն միջեւ:
Այն հարցումին, թէ արդեօք այդ մէկը կրնայ նպաստել անոր, որ Ֆրանսայի մէջ չբացուին դպրոցները, Օլիվիէ Վերան պատասխանած է, որ այս հանգրուանին նման որոշում դեռ չկայ: