Մարդոցմէ շատեր, աննշան գլխացաւի պարագային, ցաւազրկողներ կ՛առնեն, որոնք դեղարաններու մէջ կը վաճառուին առանց դեղատոմսի: Բայց, ինչպէս կը զգուշացնեն մասնագէտները, այսպիսի դեղամիջոցներու անվերահսկելի, յաճախակի ընդունումը կրնայ առողջութեան համար շատ վտանգաւոր ըլլալ:
Ինչպիսի՞ խնդիրներ կրնան յառաջանալ:
Վիրուսային հիւանդութիւններու պարագային վիճակի վատթարացում
Ինչպէս յայտնած է The Health Site-ը, կրիփի պարագային, ցաւազրկողներու ընդունումը կրնայ ոչ միայն չօգնել, այլեւ հիւանդի վիճակը վատթարացնել: Journal of Infectious Diseases ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ կրիփի ժամանակ, ցաւազրկողի ընդունումը հիւանդութեան ընթացքը կը վատթարացնէ:
Գլխացաւի վատթարացում
Գլխացաւի բուժման համար, ցաւազրկողներու ընդունումը յաճախ աւելի վնաս կու տայ, քան օգուտ: Առողջութեան եւ քլինիքական կատարելագործման ազգային հիմնարկներու մասնագէտները պարզած են, որ ցաւազրկողներու չարաշահումը՝ թունաւորում կը յառաջացնէ, որու հետեւանքով գլխացաւը աւելի զօրաւոր եւ անտանելի կը դառնայ:
Սիրտի եւ գլխուղեղի կաթուածներու հաւանականութեան ընդլայնում
Քոփենհակընի համալսարանի հետազօտողները պարզած են, որ սիրտի կաթուածէն ետք, ցաւազրկողներու ընդունումը մէկ տարուան ընթացքին, 59 առ հարիւրով կ՛ընդլայնէ գլխուղեղի կաթուածի կամ սիրտի կրկնակի կաթուածի հաւանականութիւնը, ուստի այդ մէկը վերապրած հիւանդներուն խորհուրդ չի տրուիր որեւէ դեղ ընդունիլ առանց բժիշկի նշանակումին:
Երիկամներու վնասուածքներ
Դեղերէն շատերու բաղադրութեան մէջ մտնող միացութիւնները, օրկանիզմէն դուրս կը բերուին երիկամներու միջոցով: Չափազանց մեծ քանակութեամբ դեղամիջոցներու ընդունումը կրնայ տարբեր խնդիրներ յառաջացնել, այդ շարքին՝ երիկամներու վնասուածքներ: Ինչպէս ցոյց տուած է հետազօտութիւնը, որու արդիւնքները հրապարակուած են American Family Physician Journal ամսագիրին մէջ, առանց դեղատոմսի վաճառուող ցաւազրկողներու սխալ օգտագործումը պատճառ է սուր երիկամային անբաւարարութեան 20 առ հարիւր պարագաներուն:
Կախեալ ըլլալ
Ցաւազրկողներու երկարատեւ օգտագործումը՝ կրնայ ֆիզիքական կախուածութիւն յառաջացնել: Իսկ այդ մէկը կը նշանակէ, որ օրկանիզմը կը սկսի յարմարիլ դեղահատի քիմիական բաղադրիչին եւ ատոր հանդէպ անընկալունակութիւն ձեռք բերել: