«Սթրես»ը, լարուած վիճակը եւ անհանգստութիւնը ներկայիս շատ արդիական խնդիր դարձած են եւ բացասաբար կ՛անդրադառնան մարդոց հոգեկան առողջութեան եւ նեարդային համակարգին վրայ: Այսպիսի խնդիրներէ ազատելու համար, մարդիկ սովորաբար կ՛առնեն հանգստացնող դեղեր, սակայն մասնագէտները կը յայտնեն, որ նմանատիպ ազդեցութեամբ օժտուած դեղեր կարելի է պատրաստել նաեւ ինքնուրոյն՝ օգտագործելով միայն բնական բաղադրութիւններ, ինչ որ կ՛արտօնեն խուսափելու կողմնակի վնասակար ազդեցութիւններէ եւ կախեալ դառնալէ։
Ահաւասիկ քանի մը արդիւնաւէտ բնական միջոցներ, որոնք կ՛օգնեն դիւրութեամբ ազատելու «սթրես»էն եւ լարուած վիճակէն։
- 1 ճաշի դգալ ալոճենիի հատապտուղները ճզմել եւ «բիւրէ»ի վերածել, աւելցնել 1 գաւաթ եռացած ջուր եւ 40 վայրկեան թրմել։ Ստացուած թուրմը պէտք է խմել որպէս թէյ։
- 1 ճաշի դգալ մանրուած առիւծագիին (leonurus) աւելցնել 1 գաւաթ եռացած ջուր եւ թրմել 30-40 վայրկեան։ Ստացուած թուրմը պէտք է ստանալ օրական 3 անգամ մէկական ճաշի դգալ։
- 1 ճաշի դգալ մանրուած եւ չորցուած ուրցին աւելցնել 1 գաւաթ եռացած ջուր, թրմել 30 վայրկեան, այնուհետեւ առնել ստացուած թուրմը օրական 3-4 անգամ մէկական ճաշի դգալ։
- 1 ճաշի դգալ մանրուած կատուախոտի արմատին աւելցնել 1 գաւաթ եռացած ջուր, թրմել 15 վայրկեան եւ առնել ստացուած թուրմը օրական 3-4 անգամ մէկական ճաշի դգալ։
- 2:1:1 յարաբերակցութեամբ խառնել անանուխի մանր տերեւները, «hop cone»երը եւ կատուախոտի (valeriana) արմատը, այնուհետեւ ստացուած խառնուրդին 2 ճաշի դգալին աւելցնել մէկ գաւաթ եռացած ջուր եւ թրմել 30 վայրկեան: Ստացուած թուրմը պէտք է քամել եւ առնել օրական երկու անգամ 1/2 գաւաթ:
Այս պարզ բնական միջոցները կ՛օգնեն դիւրութեամբ ազատելու նեարդային լարուածութենէն, սակայն անհրաժեշտ է յիշել, որ լուրջ «սթրես»ի պարագային, ինքնաբուժումը կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ, ուրեմն անհրաժեշտ է դիմել բժիշկի: Այսպիսի պարագաներու կրնայ դեղորայքային բուժումի կարիքը զգացուիլ. միայն փորձառու մասնագէտը կրնայ նշանակել անհրաժեշտ բուժումը, որ կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ եւ չի յառաջացներ կողմնակի բարդութիւններ: