Բաւական դիւրին է համոզուիլ՝ 5G-ի եւ «քորոնա» ժահրի միջեւ կապի բացակայութեան, կը պնդէ Ռուսիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Տեղեկութիւններու փոխանցման խնդիրներու հիմնարկի անլար ցանցերու «լապորաթուարի»-ի ղեկավար Եւկենի Խորով:
Անոր խօսքով՝ ատոր համար ընդամէնը անհրաժեշտ է տրամաբանօրէն մտածել եւ յիշել «ֆիզիքս»-ի դպրոցական դասընթացքէն որոշ բաներ:
«Չկան այն բանի գիտական ապացոյցները, որ բջիջային կապի ելեկտրոնային սարքաւորումը կրնայ մարդոց առողջութեան որեւէ վնաս հասցնել: Եթէ կը փափաքիք այդ հարցը պարզել, ապա կրնաք այդ մէկը ընել նոյնիսկ չունենալով որեւէ նեղ մասնագիտական գիտելիքներ: Ամէն, ինչ որ ձեզի պէտք կ՛ըլլայ՝ տրամաբանօրէն մտածելու վարժութիւնն է եւ «ֆիզիքս»-ի հիմերու ըմբռնումը»,- ըսած է Խորով:
Այս տեսութիւնը, որուն համաձայն բջիջային աշտարակները իբրեւ թէ կը նպաստեն «քորոնա» ժահրի տարածումին, մասնագէտը «յիմարութիւն» անուանած է:
Անոր խօսքով՝ եթէ բջիջային աշտարակները իսկապէս կարենային մարդուն վնասել, ապա գիտնականները այս փաստին վրայ հաստատօրէն ուշադրութիւն կը դարձնէին: Իսկ «լապորաթուար» մուկերու մօտ քաղցկեղ յառաջացնելու ելեկտրամակնիսական ճառագայթումի վարժութիւնը կը հաստատուի միայն հզօրութեան շատ աւելի բարձր մակարդակներու պարագային, քան կ՛արտօնուի անվտանգութեան գործող չափանիշներով: