Տօներուն ընդառաջ, գնումները արդէն կը սկսին: Բոլորին միտքին մէջ է` ի՞նչ գնել, ո՞ր ուտելիքը պէտք է, ի՞նչն է ամէնէն կարեւորը եւ ինչպէ՞ս խուսափիլ թունաւորումներէն:
Շարք մը խորհուրդներ այս հարցերու շուրջ:
Անհրաժեշտ է.
- գնումներ կատարել խանութներէն, ոչ թէ անկազմակերպ վաճառքի կէտերէն՝ փողոցէն եւ շուկաներու յարակից տարածքներէն,
- գնել թարմ, չվնասուած ուտելիք,
- աղցանները, մսային կերակրատեսակները, դոնդողները (ճելօ) պատրաստել տան մէջ, քիչ քանակներով՝ պահպանելով մաքրութեան կանոնները,
- գնումներ կատարելու ժամանակ, ուշադրութիւն դարձնել ուտելիքի պահպանութեան պայմաններուն պիտանիութեան ժամկէտին, արտաքին տեսքին,
- օգտագործել անվտանգութեան առումով որոշ մշակում անցած գործարանային ուտելիքներ, օրինակ՝ փասթերացուած կաթ եւ այլն,
- չգնել եւ սնունդին մէջ չօգտագործել անյայտ ծագումով, չստուգուած սունկեր: Սունկը գնել միայն շուկայէն եւ խանութներէն` համապատասխան իրաւասու մարմինի կողմէ տրուած փաստաթուղթի առկայութեան պարագային:
- պատրաստ կերակրատեսակներ գնելու պարագային, ուշադրութիւն դարձնել պատրաստութեան եւ իրացման ժամկէտին, պահպանութեան պայմաններուն, ինչէս նաեւ՝ ջերմաստիճանին: