COVID-19-էն բուժուած որոշ հիւանդներու մօտ շաքարախտ գոյացած է կա՛մ հիւանդութեան ժամանակ, կա՛մ բուժուելէն ետք, նշած են հետազօտողներէն շատեր, եւ այդ մէկը, հաւանաբար, պաշտօնապէս կը ճանչցուի իբրեւ քորոնա ժահրային բորբոքումի ծանր հետեւանքներէն մէկը:
Times of India-ի տեղեկութիւններով՝ COVID-19-էն բուժուած աւելի քան 3700 հիւանդներու մասնակցութեամբ 8 հետազօտութիւններու մէջ շաքարախտ յայտնաբերուած է 14 առ հարիւրի մօտ: Այս հարցին վերաբերեալ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած առանձին հետազօտութիւնները նոյնպէս կապ գտած են COVID-19-ի եւ շաքարախտի միջեւ:
Կրնա՞յ արդեօք բուժուելէն ետք քորոնա ժահրը շաքարախտ յառաջացնել:
Առայժմ պարզ չէ՝ արդեօ՞ք շաքարախտը COVID-19-ի հետեւանք է: Գիտնականները, սակայն, կարելիութիւն կը տեսնեն, որ SARS-COV-2 ժահրը միաժամանակ ունակ է ախտահարելու ենթաստամոքսային գեղձը, յառաջացնելու «ինսուլին»-ի եւ «կլիւքոզ»-ի նիւթափոխանակութեան խանգարում, որ կ՛առաջնորդէ շաքարախտի յառաջացման:
Թէ ինչպէ՞ս ժահրը վնաս կը հասցնէ ենթաստամոքսային գեղձին, կախեալ է, թէ ինչպէ՞ս անիկա կը փոխազդէ ACE2 «ռիսեփթըր»-ներուն, ըսած են հետազօտողները: Որքան «ինթենսիվ» ձեւով տեղի ունենայ ատոնց զուգակցումը, այնքան մեծ կ՛ըլլայ վտանգը, որ մեծ թիւով ժահրային մասնիկներ մտնեն օրկանիզմ եւ ախտահարեն կենսական օրկանները, ներառեալ ենթաստամոքսային գեղձը:
Քորոնա ժահրի վարակումէն ետք շաքարախտի յառաջացման եւս մէկ կարգն է «սայթոքին»-ային փոթորիկը: Այս վիճակը յայտնի է իբրեւ ժահրային վարակի վտանգաւոր բարդութիւն՝ դիմադրողական համակարգը կը սկսի արտադրել «սայթոքին»-ի բորբոքային բաղադրիչներ, որ կը յարձակին կենսական հիւսուածքներու եւ օրկաններու վրայ, որ կրնայ հետեւանք դառնալ «ինսուլին»-ի եւ «կլիւքոզ»-ի բնական մակարդակի արտադրութեան խախտման:
Բացի ատկէ, կայ վարկած մը, որ կ՛ենթադրէ, որ քորոնա ժահրը կը վնասէ բջիջային թաղանթները, ներառեալ՝ աղիքները, եւ այդ նոյնպէս կրնայ վտանգել «կլիւքոզ»-ը կարգաւորելու եւ քայքայելու օրկաններու ունակութիւնը: Վերջապէս, պէտք է հաշուի առնել, որ COVID-19-ի բուժման համար օգտագործուող շատ մը դեղեր իբրեւ փորձ կը կիրառուին: Ատոնցմէ որոշները, օրինակ՝ «սթերոիտային դեղերը, կրնան յանգեցնել արեան մէջ շաքարի մակարդակի բարձրացման:
Այսպիսով, կարելի չէ բացառել, որ COVID-19-է բուժուած հիւանդներու մօտ իսկապէս կրնայ ե՛ւ առաջին, ե՛ւ 2-րդ տիպի շաքարախտ յառաջանալ, չնայած կ՛ակնկալուի, որ գիտնականները այս հարցին վերաբերեալ լրացուցիչ քլինիքական ապացոյցներ ստանան: Ամէն պարագայի, կարեւոր է հետեւիլ նշաններուն եւ ժամանակին դիմել օգնութեան:
Ստորեւ՝ նախազգուշացնող ախտանիշներէն քանի մը հատը.
- յոգնածութիւն,
- սաստիկ ուտելու կարիք,
- սաստիկ ծարաւ,
- մշուշոտ տեսողութիւն,
- կտրուածքներէ եւ վնասուածքներէ ետք մաշկի դանդաղ առողջացում եւ վերականգնում,
- յաճախակի միզարձակում,
- ծակծկոցի կամ ընդարմացումի զգացում: