«Քորոնա» ժահրային բորբոքումի բոլոր դէպքերու գրեթէ կէսը կրնայ ըլլալ առանց ախտանիշներու, յայտնած են մասնագէտները: Հիւանդներու 40 առ հարիւրէն աւելին չունի հազի, բարձր տաքութեան կամ շնչառութեան դժուարութեան նման ախտանիշներ: Խօսքը, որպէս կանոն, երիտասարդ հիւանդներու, կիներու եւ ներքին օրկաններու վնասուածքներու փոքր ծաւալով անձերու մասին է:
Ամերիկացի մասնագէտները վերլուծած են «քորոնա» ժահրով վարակուած 78 հիւանդի վիճակը (անոնց մօտ բորբոքումը յայտնաբերուած է 24 Դեկտեմբեր 2019-էն մինչեւ 24 Փետրուար 2020): Պարզուած է, որ 45 հիւանդի մօտ եղած են բորբոքումի ախտանիշներ՝ չոր հազ, տաքութիւն, հոգնածութիւն եւ հեւոց: Սակայն, 33 հիւանդի մօտ (42 առ հարիւրէն աւելի) չէ եղած հիւանդութեան նշուած ախտանիշներէն մէկը:
Առանց ախտանիշներու հիւանդները եղած են 20-էն մինչեւ 40 տարեկան, իսկ ախտանիշներով հիւանդները՝ 30-էն մինչեւ 60 տարեկան: Աւելի յաճախ ախտանիշներ չեն ունեցած կիները: Անոնցմէ անկախ, առանց ախտանիշներու հիւանդներու խումբին մէջ եղած են լեարդի վնասուածքով աւելի քիչ թիւով մարդիկ: Իսկ անոնց թոքերը սովորականէն աւելի արագ վերականգնուած են՝ 9 օր անփոփոխ 15-ի դիմաց: