Համաշխարհային մաշտապով նոր EG.5 շտամի կայուն աճ արձանագրուած է:
2023ի Յուլիս 17-էն 23 EG.5-ի համաշխարհային տարածուածութիւնը հասած է 17,4 առ հարիւրի: Այս նկատելի աճ է 2023ի Յունիս 19-25-ի տուեալներուն հետ բաղդատելով, երբ համաշխարհային տարածուածութիւնը հասած էր 7,6 առ հարիւրի յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը։
Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ առկայ տուեալներուն հիման վրայ, EG.5-ի ստեղծած հանրային առողջութեան վտանգը կը գնահատուի ցած:
Այնուամենայնիւ, immune evasion յատկութիւններու պատճառով EG.5-ը կրնայ բարձրացնել հիւանդացութիւնը եւ դառնալ գերիշխող որոշ երկիրներու կամ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը շարունակէ յանձնարարել անդամ պետութիւններուն առաջնահերթ ուշադրութիւն դարձնել «քոնքրիդ» գործողութիւններուն՝ EG.5-ի հետ կապուած անորոշութիւններուն վերջ տալու համար: