Թոքիոյի բժշկական եւ ատամնաբուժական համալսարանէն գիտնականներ բացայայտած են, որ լոլիկի հիւթի կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PubMed գիտական էջին վրայ։
Ուսումնասիրութեան մասնակցած է Քուրիյամա քաղաքի 481 բնակիչ: Մէկ տարուան ընթացքին անոնցմէ խնդրուած է խմել իրենց փափաքած քանակութեամբ լոլիկի հիւթ։ Իբրեւ արդիւնք՝ «նախահայբըրթէնշըն»-ով կամ «հայբըրրթէնշըն»-ով տառապող 94 մասնակիցներու պարագային արեան ճնշումի զգալի նուազում արձանագրուած է: Միջին «սիսթոլիք» ճնշումը նուազած է 141,2-էն մինչեւ 137,0 մմ սս, իսկ «տայեսթոլիք»-ը՝ 83,3-էն մինչեւ 80,9 մմ սս:
Այլ 125 կամաւորներու մօտ «վատ քոլեսթերոլ»-ի մակարդակը նուազած է 155,0-էն մինչեւ 149,9 մկ/տլ։ Այս բարենպաստ ազդեցութիւնը նկատուած է անկախ մասնակիցներու տարիքէն կամ սեռէն։
Հետազօտողները նշած են, որ կամաւորներու ապրելակերպը հիմնականին մէջ մնացած է անփոփոխ մէկ տարուան ընթացքին՝ ենթադրելով, որ լոլիկի հիւթը առանցքային դեր ունեցած է առողջութեան արդիւնքներու բարելաւման գործին մէջ:
Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ լոլիկի հիւթը կրնայ մատչելի եւ արդիւնաւէտ միջոց ըլլալ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար, որովհետեւ անիկա կ՛օգնէ նուազեցնելու վտանգի երկու հիմնական գործօնը՝ արեան բարձր ճնշումը եւ աւելորդ «քոլեսթերոլ»-ի հետեւանքով յառաջացած «աթերոսքլերոզ»-ը: