Գիտնականները շատոնց գիտեն, որ մարդիկ եւ անասուններ աշխուժօրէն կ՛ուսումնասիրեն իրենց շրջապատը շարժումներու միջոցով՝ հայեացքով, գլխու թեքումներով եւ ձեռքի շարժումներով։ Հոտառութիւնը եւս կը պատկանի աշխոյժ զգայարանքներու խումբին․ հոտը աւելի լաւ զգալու համար, մենք կը կատարենք կարճ, նպատակային ներշնչումներ՝ «հոտուըտալու» շարժումներ։ Սակայն, մինչեւ օրս, յայտնի չէր, թէ արդեօք մեր ներշնչելու ձեւը կրնա՞յ փոփոխութիւն կրել՝ կախեալ ըլլալով այն բանէն, թէ ճիշդ ի՛նչպիսի հոտ կ՛առնենք։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւսիսարեւմտեան համալսարանի հետազօտողները առաջին անգամ ըլլալով ցոյց տուած են, որ պատասխանը դրական է՝ եւ շատ յստակ։ Անոնց աշխատանքը, որ հրապարակուած է Nature Human Behavior ամսագրին մէջ, ցոյց կու տայ, որ մարդու ներշնչման եղանակը հոտառութեան ընթացքին անընդհատ կը յարմարի տուեալ հոտին եւ կը ներառէ մանրամասն տեղեկութիւններ անոր մասին։
Հեղինակները օգտագործած են նախապէս հաւաքուած NEMO-ի մեծածաւալ տուեալները՝ աւելի քան 12,000 փորձարկում, որոնց ընթացքին երեք կամաւորներ MRI սարքի մէջ ներշնչած են 160 տարբեր հոտեր։ Նման զանգուածը կարեւոր էր, որովհետեւ հոտի ազդեցութեան տակ շնչառութեան փոփոխութիւնները կրնան բաւական մեղմ եւ աննկատ ձեւով դրսեւորուիլ։ Գիտնականները վերլուծած են ներշնչման յետագիծերը եւ միեւնոյն ժամանակ արձանագրած՝ ուղեղի աշխուժութիւնը։
Մեքենայական ուսուցումը կարելիութիւն ստեղծած է միայն հոտուըտալու շարժումներէն կանխատեսել, թէ ի՛նչ հոտ զգացած է անձը։ Բացայայտուած է, որ իւրաքանչիւր հոտ իր յատուկ «ստորագրութիւնը» կը ձգէ շնչառութեան մէջ՝ փոքր նկատելի, բայց կայուն օրինաչափութեամբ։ Բացի ատկէ, ուղեղին կարեւոր հատուածները, յատկապէս նշաձեւ մարմինը (ամիկտալան), աշխուժօրէն մասնակցութիւն կը բերեն այս գործընթացին։
Հետաքրքական է, որ ճիշդ այս կառուցուածքն է, որ նախապէս կապուած եղած է «էփիլեփսի»-ով հիւանդներու շնչառական խնդիրներուն հետ։
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ հոտառութիւնը աշխոյժ ընկալումի փակ գործընթաց մըն է, ինչպէս տեսողութիւնը կամ լսողութիւնը։ Ինչպէս մեր հայեացքը կը հետեւի առարկային, այնպէս ալ մեր շնչառութիւնը կը համակերպի հոտին։
Յաջորդ քայլը, հեղինակներուն համաձայն, ստուգելն է, թէ արդեօ՞ք հոտառութեան մեթոտի փոփոխութիւնը կրնայ փոխել հոտի ընկալումը։ Գիտնականները նաեւ կը փափաքին ուսումնասիրել զգացումներու, ուշադրութեան եւ միջավայրի ազդեցութիւնը շնչառութեան եւ հոտառութեան վրայ։

