ՄաքՄասթեր համալսարանի գիտնականներու կատարած նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ որովայնին եւ լեարդին մէջ կուտակուած ճարպը կրնայ աննկատ վնասել զարկերակները՝ նոյնիսկ այն անձերուն պարագային, որոնք արտաքնապէս առողջ կը թուին ըլլալ։
Հետազօտութեան արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են Communications Medicine ամսագրին մէջ, կասկածի տակ կը դնեն երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցող այն կարծիքը, թէ մարմնի զանգուածի ցուցանիշը (BMI) ճարպակալման ճշգրիտ չափանիշ է, եւ կ՛ունենան նոր պատկերացումներ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս թաքնուած ճարպը կը նպաստէ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու զարգացման։
Որովայնային ճարպը (ներքին օրկանները շրջապատող ճարպը) եւ լեարդային ճարպը (լեարդին մէջ կուտակուած ճարպը) յայտնի են անով, որ կը բարձրացնեն 2-րդ տիպի շաքարախտի, բարձր արեան ճնշման եւ սրտի հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգը, սակայն անոնց ազդեցութիւնը զարկերակներու առողջութեան վրայ քիչ ուսումնասիրուած է։
Օգտագործելով Քանատայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ 33,000-էն աւելի չափահասներու տուեալները, ինչպէս նաեւ «մագնիսա-րեզոնանսային» (magnetic resonance) պատկերահանման յառաջադէմ մեթոտները, գիտնականները բացայայտած են, որ որովայնային եւ լեարդային ճարպը սերտ կապ ունի վիզի «քերոթիտ» զարկերակներու պատերու հաստ դառնալուն եւ խցանման հետ։ Այդ զարկերակները արիւն կը մատակարարեն ուղեղին, եւ անոնց սեղմումը ուղեղային եւ սրտային կաթուածի հիմնական կանխանշաններէն է։
«Այդ հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ հաշուի առնելով սրտանօթային հիւանդութիւններու աւանդական վտանգի գործօնները, մասնաւորաբար՝ «քոլեսթերոլ»-ը եւ արեան ճնշումը, ներքին օրկաններու եւ լեարդի ճարպը կը շարունակէ նպաստել զարկերակներու վնասման», – ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ, ՄըքՄասթերի համալսարանի գիտաշխատող Ռասըլ տը Սուզան: «Այդ արդիւնքները նախազգուշացման կոչ են թէ՛ բժիշկներուն եւ թէ՛ հանրութեան համար»:
Հետազօտական խումբը վերլուծած է երկու հիմնական խումբերու՝ «Առողջ սրտի եւ բանականութեան Քանատական դաշինք»-ի (CAHHM) եւ «Մեծն Բրիտանիոյ կենսապանք»-ի (UK Biobank) տուեալները, օգտագործելով «մագնիսա-րեզոնանսային» պատկերահանում՝ ճարպի բաշխումը եւ զարկերակային առողջութիւնը գնահատելու համար: Անոնք յայտնաբերած են, որ օրկաններու ներքին ճարպը հետեւողական կերպով կապուած է «քարոդիտային» (carotid) անօթներու վահանիկներու յառաջացման եւ զարկերակային պատի հաստ դառնալուն հետ, մինչդեռ լեարդի ճարպը ցոյց տուած է աւելի տկար, բայց այնուամենայնիւ զգալի կապ: Կարեւոր է, որ այս կապը պահպանուած է նոյնիսկ, երբ հետազօտողները հաշուի առած են ապրելակերպի եւ նիւթափոխանակութեան վտանգի գործօնները:
Այս բացայայտումի հետեւանքները ընդարձակ են։ Բժիշկներու համար անիկա կ՛ընդգծէ այն անհրաժեշտութիւնը, որ գնահատումները չսահմանափակուին միայն մարմնի զանգուածի ցուցանիշով կամ իրանի շրջագիծով, այլ ներառեն նաեւ ճարպի բաշխման պատկերային ուսումնասիրութիւնները։ Միջին տարիքի մարդոց համար այդ մէկը յիշեցում է, որ թաքնուած ճարպը, ոչ միայն կը բարձրացնէ տեսանելի կշիռքը, այլ կրնայ աննկատելիօրէն բարձրացնել նաեւ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգը։
«Միշտ կարելի չէ մարդու արտաքինէն յայտնաբերել, թէ արդեօք ունի՞ ներքին օրկաններու կամ լեարդի ճարպի կուտակումներ», – ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ Սոնիա Անանտը ՄըքՄասթերի համալսարանէն: «Այդ տեսակի ճարպը նիւթափոխանակօրէն աշխոյժ է եւ վտանգաւոր. անիկա կապուած է բորբոքման եւ զարկերակային վնասման հետ նոյնիսկ տեսանելի աւելորդ կշիռք չունեցող մարդոց պարագային»: Ահա թէ ինչու այդքան կարեւոր է վերանայիլ ճարպակալման եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգի գնահատման եղանակները»:

