Հումուսը սպիտակուցի, մանրաթելի եւ երկաթի լաւ աղբիւր մըն է՝ մասամբ «թահին»-ի շնորհիւ։
Ոչ ոք յստակ գիտէ, թէ ով ստեղծած է «հումուս»-ը (ուտելիք՝ գլխաւոր բաղադրիչը սիսեռի «բիւրէ»-ն)։ Լիբանանէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Սուրիայէն մինչեւ Թուրքիա՝ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ կը յաւակնին այս ուտելիքին, որուն մասին յիշատակութիւններ կան 13-րդ դարէն, կը գրէ Daily Mail-ը։
Հակառակ «հումուս»-ի համբաւին իբրեւ առողջարար սնունդ, սննդականոն պահպանողներէն ոմանք կը խուսափին անկէ՝ բարձր «քալորի»-ի եւ ճարպի պարունակութեան պատճառով:
Որքա՞ն առողջարար է հումուսը
«Ընդհանուր առմամբ, կ՛ըսէի, որ անիկա առողջարար սնունդ է», ըսած է սննդագէտ եւ հետազօտութեան հեղինակ Ճեննա Հոփը: – «Անիկա սպիտակուցի, մանրաթելի եւ երկաթի հիանալի աղբիւր է, մասամբ «թահին»-ի շնորհիւ»:
Ան ըսած է, որ առողջ ճարպերը կ՛օգնեն աւելի երկար ժամանակ կուշտ զգալու, իսկ մանրաթելը կարեւոր է աղիքներու առողջութեան համար՝ այս պահուն լայնօրէն քննարկուող նիւթ:
Հումուսի դասական պատրաստութեան եղանակը կը ներառէ ընդամէնը հինգ հիմնական բաղադրիչներ՝ սիսեռ, սխտոր, կիտրոն, «թահին» եւ ձիթապտուղի ձէթ։
100 կրամ չափաբաժինը կը պարունակէ մօտաւորապէս 170 «քալորի»։
8-10 կ․ ճարպ
11-14 կ․ ածխաջուր
մօտաւորապէս 6 կ․ մանրաթել
6-8 կ․ սպիտակուց
Յագեցած ճարպը 100 կ․-ի մէջ 2 կ․-էն պակաս է։
Առողջապահութեան ազգային ծառայութեան (NHS) ուղեցոյցներուն համաձայն (կիներու համար օրական մինչեւ 70 կ․ ճարպ եւ տղամարդոց համար մինչեւ 95 կ․), այս չափաբաժինը լաւ կը համապատասխանէ հաւասարակշռուած օրաբաժնին։
Հումուսին մէջ գտնուող ճարպերը հիմնականին մէջ «մոնօ» եւ «բազմաչյագեցած» (mono- and polyunsaturated) են, որոնք կապուած են սրտի առողջութեան եւ ճանաչողական գործառոյթի բարելաւման հետ։
Ի՞նչ կը պարունակէ հումուսը
Իւրաքանչիւր բաղադրիչ ունի իր առաւելութիւնները՝
Սիսեռը հարուստ է բուսական սպիտակուցով։
«Թահին»-ը կը պարունակէ «հակաօքսիտանդ»-ներ, որոնք կապուած են քաղցկեղի եւ Ալզհայմըրի հիւանդութեան վտանգի նուազեցման հետ։
Սխտորը կրնայ օգնել իջեցնելու արեան ճնշումը եւ «քոլեսթերոլ»-ը։
Կիտրոնը հարուստ է C վիթամինով, որ օգտակար է մորթի համար։
Ձիթապտուղի ձէթը միջերկրականեան սննդականոնի կարեւոր մասը կը կազմէ եւ կապուած է սրտի առողջութեան բարելաւման հետ։ Բացի ատկէ, կիտրոնին մէջ գտնուող C վիթամինը կը բարելաւէ «թահին»-էն երկաթի ներծծումը։
Սակայն, մասնագէտը կը զգուշացնէ, որ խանութէն գնուած հումուսը կրնայ պահպանիչ նիւթեր (preservatives) եւ յաւելումներ (additives) պարունակել, հետեւաբար աւելի լաւ է ընտրել պարզ բաղադրիչներով ապրանքներ։
Որքա՞ն սպիտակուց կայ հումուսին մէջ
Թէեւ հումուսը չի նկատուիր բարձր սպիտակուցային սնունդ, անիկա կը մնայ լաւ բուսական աղբիւր՝ մօտաւորապէս 6-9 կ․ 100 կ․-ի համար։
Հետեւաբար, անիկա յատկապէս ընդհանրացած է բուսակերներու եւ «վիկան»-ներու (vegans) շրջանակին մէջ։
(ի դէպ, «վիկան»-ի եւ բուսակերի միջեւ հիմնական տարբերութիւնը անոնց սահմանափակումներու խստութիւնն է. բուսակերները միս չեն ուտեր, բայց կրնան օգտագործել կաթնամթերք եւ հաւկիթ, մինչդեռ «վիկան»-ները ամբողջովին կը բացառեն որեւէ կենդանական ծագում ունեցող մթերք (ներառեալ մեղրը):
Արդեօ՞ք հումուսը ճարպերով հարուստ է
Հումուսը կը պարունակէ մօտաւորապէս 20 առ հարիւր ճարպ, հետեւաբար անիկա ցած ճարպ պարունակող սնունդ չի նկատուիր։ Սակայն, ճարպին մեծ մասը կու գայ «լաւ» աղբիւրներէ՝ ինչպէս ձիթապտուղի ձէթը եւ «թահին»-ը, որոնք կրնան օգնել նուազեցնելու «քոլեսթերոլ»-ը։
Հումուսը կը նուազեցնէ՞ քոլեսթերոլը
Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ օրական մօտաւորապէս 160 կրամ սիսեռի օգտագործումը կրնայ իջեցնել «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակը։
Բացի ատկէ, Բրիտանական սրտի հիմնադրամը հումուսը կը ներառէ այն սննդամթերքներու ցանկին վրայ, որոնք կ՛օգնեն նուազեցնելու «քոլեսթերոլ»-ը բարձրացնող սննդամթերքներու նկատմամբ կախեալ ըլլալը։
Հումուսը յարմա՞ր է դիւրագրգիռ աղիքի համախտանիշէ (IBS) տառապող մարդոց համար
Սիսեռը հարուստ է FODMAP-ներով՝ ածխաջուրերով, որոնք կրնան յառաջացնել փքուածութիւն, կազեր եւ փորհարութիւն։
Դիւրագրգիռ աղիքի համախտանիշէ տառապող մարդոց կը յանձնարարուի սահմանափակել օգտագործումը՝ մինչեւ 1-2 ճաշի դգալ, կամ հումուս պատրաստել տան մէջ՝ նուազեցնելով սիսեռի քանակը եւ աւելցնելով այլ բաղադրիչներ, օրինակ՝ ստեպղին, որպէսզի նուազ ըլլայ FODMAP-ներու պարունակութիւնը։
Սխտորը նոյնպէս կրնայ անհանգստութիւն պատճառել, հետեւաբար երբեմն ամբողջական պճեղներու փոխարէն կ՛օգտագործուի սխտորի ձէթ։
Հումուսը «կլիւթէն»-է զո՞ւրկ է
Իր դասական ձեւով հումուսը «կլիւթէն» (gluten) չի պարունակեր։ Սակայն, խանութէն գնուած հումուսը միշտ պէտք է ստուգել, թէ արդե՞օք անիկա կը պարունակէ յաւելումներ, որոնք կրնան «կլիւթէն» պարունակել։

