Լոնտոնէն բրիտանացի թոշակառու ուսուցչուհի, 81 տարեկան Սիւզան Սթենլի-Քերոլ, հիանալի տեսք ունի եւ չ՛աճապարեր ծերանալու: Daily Mail-ին ուղղուած նամակին մէջ, ան բացայայտած է իր գեղեցկութեան գաղտնիքը:
Երբեք դուք ձեզ թոշակառու մի՛ զգաք:
Սիւզան թոշակառու դարձած է Յուլիսին: Ան 56 տարի անգլերէնի ուսուցիչ եղած է: Սակայն, «կենսաթոշակ» բառը իրեն համար կտրուկ կերպով տհաճ կը թուի: Սիւզան պատմած է, որ կը նախատեսէ շարունակել իր գործունէութիւնը փոքրիկներուն հետ, որովհետեւ անոնք կ՛ոգեշնչեն զինք:
«Թաթու»՝ ծննդեան օրուան առիթով
Իր ծննդեան 80-ամեակին առիթով, Սիւզան դաստակին վրայ իր զաւակներուն անուանատառերը «թաթու» ընել տուած է: Բրիտանուհիին համաձայն, իր բարեկամները ցնցուած են, բայց չէ՞ որ ան միշտ երազած է «թաթու»-ի մասին: Կնոջ կարծիքով՝ երբեք ուշ չէ կեանքի մէջ որեւէ բան փոխելը:
Մաշկի խնամքը
Սիւզան շատ մեծ խնամք կը տանի իր մաշկին եւ կ՛օգտագործէ քանի մը տեսակի քսուքներ ու խոնաւցնող միջոցներ:
Ֆիզիքական աշխուժութիւն
Սիւզան հրատարակչութեան յայտնած է, որ մեկուսացումէն առաջ, շաբաթը երեք անգամ լողալու կ՛երթար: Եւ երբ յայտարարուած է մեկուսացումի դրութիւնը, սկսած է վազքուղիի վրայ քալելու վարժութիւններ ընել:
«Մետիթէյշըն»
Ամէն օր, 20 վայրկեան, Սիւզան «մետիթէյշըն» կ՛ընէ: Ըստ անոր, «մետիթէյշըն»-ը իրեն շատ օգնած է մեկուսացումի ժամանակ, եւ ազատած է տագնապէն: Ան «մետիթէյշըն» սկսած է ընել 1960-ական թուականներէն եւ զգացած է, որ անիկա փոխած է իր կեանքը: