Ստորեւ Փարքինսն հիւանդութեան մասին քանի մը հետաքրքրական տուեալներ:
Փարքինսընը քրոնիք է, բայց մահացու հիւանդութիւն չէ
Փարքինսընը քրոնիք հիւանդութիւն է, որ կ՚ախտահարէ ուղեղին մէջ տոփամին արտադրող ջղաբջիջները (neuron): Այս նիւթին պակասը կ՚առաջացնէ շարք մը ախտանշաններ, ինչպէս՝ դողոց, շարժումներու դանդաղեցում, կաշկանդուածութիւն եւ անկայունութիւն:
Հակառակ անոր որ անիկա ծանր հիւանդութիւն մըն է, սակայն մահացու չէ, կը յայտնէ Ճոն Հոփքինզ համալսարանի բժշկական դպրոցի կայքէջը: Անիկա մահացու չէ, ինչպէս օրինակ սիրտի կամ ուղեղի կաթուածը: Սակայն հիւանդներու համար վտանգ կը ներկայացնեն իյնալը եւ վարակումները, որոնք կրնան ուղեկցիլ հիւանդութեան:
Փարքինսընին յատուկ չեն կտրուկ սաստկացումները
Հիւանդութիւնը սովորաբար դանդաղ կ՚ընթանայ. անոր յատուկ չեն կտրուկ սաստկացումները: Եթէ վատթարացում տեղի ունենայ օրերու կամ շաբաթներու ընթացքին, անհրաժեշտ է կողմնակի պատճառներ փնտռել, ինչպէս՝ վարակումներ, ջրազրկում եւ քունի պակաս:
Փարքինսընը կնայ հարուածել նաեւ երիտասարդները
Հակառակ անոր որ Փարքինսընէ տառապող անձերուն մեծամասնութիւնը տարիքով 60-էն վեր է, շուրջ 10 առ հարիւր համեմատութեամբ, հիւանդութիւնը կը յայտնուի նաեւ մինչեւ 40 տարեկան անձերու մօտ: Ամէնէն հանրածանօթ անձը, որուն մօտ հիւանդութիւնը երեւան եկած է երիտասարդ տարիքին, Մայքըլ Ճ. Ֆոքսն է:
Փարքինսընի սկզբնական ախտանշանները երբեմն դժուար է ճանչնալ
Մարմնին մէջ տոփամինին քանակը կը սկսի նուազիլ փարքինսընի շարժողական ախտանշաններու յայտնուելէն շատ աւելի առաջ: Հետեւաբար, պնդութիւնը, քունի հետ կապուած հարցերը եւ հոտառութեան կորուստը կրնան հիւանդութեան առաջին դրսեւորումները ըլլալ: Սկզբնական ախտանշաններու շարքին կարելի է դասել նաեւ մատներու, ափերու, կզակի դողոցները, ձեռագրի փոքրացումը կամ փոխուիլը, շարժումներու կաշկանդուածութիւնը, ձայնի փոփոխութիւնը, դէմքի շարժումներու թուլացումը եւ այլն: Այս բոլոր ախտանշանները, անշուշտ, ոչ միշտ կը վկայեն փարքինսընի գոյութեան մասին, բայց անոնց երեւան գալը արդէն բաւարար է դիմելու բժիշկին:
Կանուխ բուժման սկսիլը կը բարելաւէ փարքինսընի ախտագուշակութիւնը
Եթէ փարքինսընի բուժումը ժամանակին սկսի, անիկա զգալիօրէն կը բարելաւէ հիւանդութեան կանխատեսումը, կը դանդաղեցնէ անոր զարգացումը եւ կը բարձրացնէ հիւանդին կեանքի որակը: