Գաղտնիք մը չէ, որ քունը կարեւոր է ձեր ընդհանուր առողջութեան համար: Նոր հետազօտութեան մը համաձայն, քունի պակասը կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ ձեր սրտին վրայ: Հետազօտողներ դիտել տուած են, թէ մարդիկ, որոնք անքնութենէ կը տառապին աւելի հաւանականութիւն ունին սրտի կաթուած ունենալու քան ուրիշներ: Անքնութիւնը ամէնէն տարածուած խանգարումն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հետազօտողներ գրած են իրենց զեկուցումին մէջ, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին 10-15 առ հարիւրը կը պայքարի անքնութեան դէմ:
Նախապէս հրապարակուած հետազօտութեան մը «մեթա-վերլուծումը», որ հրապարակուած է «Clinical Cardiology» ամսագրին մէջ կ՛ենթադրէ, որ անքնութեան եւ սրտի կաթուածի վտանգի միջեւ հնարաւոր կապը՝ կիներու մօտ ամէնէն զօրաւորն է:
Սրտի կանխարգիլման Cedars-Sinai Smidt հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Մարթա Կուլաթի ըսած է, որ իր հիւանդներուն մեծ մասը կիներ են, եւ թէ անքնութիւնը վտանգի կարեւոր գործօն մըն է այն կիներուն համար, որոնք ունեցած են սրտի որեւէ «իշեմիք» հիւանդութիւն:
«Անքնութիւնը իրականութեան մէջ բաւական տարածուած է: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ մէկը կը տեսնենք տասը հիւանդներէն մէկուն մէջ»- ըսած է Կուլաթի, որ մաս չէր կազմած նոր ուսումնասիրութեան: «Տպաւորութիւնս է, որ գրեթէ ամէն մարդ անքնութեան փորձառութիւնը կ՛ապրի իր կեանքի մէկ հանգրուանին ընթացքին: Մեծահասակներէ երկուքէն մէկը այդ մէկը կը զգայ իր կեանքին մէջ կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ սթրեսային պահերու պատճառով:
Եգիպտոսի, Սէուտ Արապիոյ եւ Փաքիստանի բժշկական հաստատութիւններէ, ինչպէս նաեւ՝ SUNNY բժշկական համալսարանէն ու Harvardի բժշկական դպրոցէն հետազօտողներ «անքնութիւն»ը սահմանած են որպէս քունի խանգարում երեք հիմնական ախտանշանով.
-Քնանալու դժուարութիւն
-Քնացած մնալու դժուարութիւն
-Կանուխ արթննալու եւ դարձեալ քնանալու անկարողութիւն
Աշխատութիւնը ներառած էր աւելի քան 11 տարուան տուեալներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Նորվեկիոյ, Գերմանիոյ, Թայուանի եւ Չինաստանի մէջ գտնուող 1,184,256 մեծահասակներէ:
Մասնակիցներէն 153,881ը անքնութենէ կը տառապէր, իսկ 1,030,375 ոչ: Հետազօտողները բացայայտած են, որ անոնք որոնք անքնութիւն ունեցած են 1.69 անգամ աւելի սրտի տագնապ ունենալու հաւանականութիւնը ունեցած են քան անոնք որոնք անքնութիւն չեն ունեցած: Սրտի կաթուած ունեցող մարդոց թիւերը տակաւին համեմատաբար ցած եղած են – այդ մէկը պատահելով 1.6 առ հարիւր մարդոց մօտ որոնք անքնութիւն ունեցած են եւ 1.2 առ հարիւր, որոնք անքնութիւն չեն ունեցած:
Հետազօտութիւնը նաեւ կապ մը յայտնաբերած է սրտի կաթուածի բարձրացման վտանգի եւ մասնակիցի իւրաքանչիւր գիշերուան քունին հետ: Անոնք որոնք հինգ ժամ կամ աւելի պակաս քնացած են սրտի կաթուածի վտանգի ամէնէն բարձր կապը ունեցած են եւ 1.56 անգամ աւելի սրտի կաթուած ունենալու հաւանականութիւնը ունեցած՝ քան այն մարդիկը որոնք 7 կամ 8 ժամ քնացած են:
Աւելի երկար քունը միշտ ալ աւելի պաշտպանողական չէ: Հետազօտութիւնը բացայայտած է, որ մարդիկ որոնք 6 ժամ քնացած են իւրաքանչիւր գիշեր, սրտի կաթուած ունենալու աւելի նուազ վտանգ ունեցած են քան անոնք որոնք 9 ժամ եւ աւելի քնացած են:
«Շատ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ 7 կամ 8 ժամ քնանալը կախարդական թիւ է մեզի համար»,-ըսած է Կուլաթին: «Ակնյայտօրէն փոփոխականութիւն կայ բոլորին համար, սակայն չափազանց շատ քնանալը հազուադէպ խնդիր է»:
Ուսումնասիրութիւնը կ՛ըսէ, որ անքնութենէ տառապող մարդոց մօտ սրտի կաթուած ունենալու բարձր վտանգը շարունակուած է անկախ տարիքէն եւ սեռէն:
Կուլաթին ըսած է, որ կան քանի մը եղանակներ, որոնց պատճառով քունի պակասը կրնայ բարձրացնել սրտի կաթուածի վտանգը: «Քորթիզոլ»ի կարգաւորումը կեդրոնական է:
«Քորթիզոլ»ը հորմոն մըն է, որ պատասխանատու է «սթրես»ի հանդէպ մարմնին արձագանգը կարգաւորելու համար: Եթէ մակարդակը շատ բարձր է, անիկա կը բարձրացնէ արեան ճնշումը: Երբ մարդ լաւ կը քնանայ, անոր արեան ճնշումը կը նուազի գիշերը:
«Իրականութեան մէջ երբ մարդ բաւարար քուն չ՛ստանար, անոր «քորթիզոլ»ը հաւասարակշռութենէ դուրս կու գայ»,-ըսած է Կուլաթին: «Եթէ քնանալու հարցեր կ՛ունենաք, մենք գիտենք, որ ձեր արեան ճնշումը աւելի բարձրացած կ՛ըլլայ գիշերը»:
«Քորթիզոլ»ի անհաւասարակշռութեան պատճառով արեան բարձր ճնշումը գիշերուան ընթացքին սրտի կաթուածի բարձր վտանգի «փոթէնշըլ» ուղիներէն մէկն է, ըսած է ան:
Հետազօտութեան հեղինակները ըսած են, որ անքնութիւնը պէտք է նկատի առնուի իբրեւ վտանգի գործօն՝ սրտանօթային հիւանդութիւններու առաջնային կանխարգիլման ուղեցոյցերուն մէջ:
«Այժմ փաստ ունինք, որ քունը դեղ է»,-ըսած է հետազօտութեան աւագ հեղինակ, սրտաբան, միջմասնագիտական հետազօտութիւններու Upstate Բժշկական Համալսարանի deanի օգնական տոքթ. Հանի Այաշ: «Ուրեմն, լաւ քունը կանխարգելիչ է»:
«Եթէ դուք լաւ չէք քնացած… 5 կամ 6 ժամէն պակաս, դուք ձեզ ենթարկած կ՛ըլլաք դէպի սրտամկան արեան մատակարարման խոչընդոտումի աւելի բարձր վտանգի: Քունի «փէթըրն»ը շատ կարեւոր է:
Այնուամենայնիւ, «Մենք պէտք չունինք 9 ժամի»,-ըսած է Այաշ: «9 ժամէ աւելի քնանալ վնասակար է»:
Անքնութենէ խուսափելու եւ քունը բարելաւելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը կ՛առաջարկէ հինգ պարզ քայլ.
1.Հետեւողական ըլլալ ամէն գիշեր նոյն ժամուն քնանալու եւ ամէն առաւօտ նոյն ժամուն արթննալու կապակցութեամբ, ներառեալ շաբաթավերջերը: Այս մէկը կ՛օգնէ հաստատելու ձեր մարմնին «ռիթմ»ը:
2.Վստահ եղէք, որ ձեր ննջասենեակը հանգստացնող, հանդարտ եւ մութ տարածք է՝ յարմարաւէտ ջերմաստիճանով:
3.Հանեցէ՛ք հեռատեսիլները, համակարգիչները եւ հեռաձայնները ձեր սենեակէն:
4.Քնանալէն առաջ մեծ քանակութեամբ կերակուրներէն, «քաֆէին»էն եւ ալքոլէն խոսափիլը ձեր մարմնին կու տայ լաւագոյն առիթը, որպէսզի լաւ քնանաք:
5.Վերջապէս, «աքթիւ» մնացէք օրուան ընթացքին:
Եթէ տակաւին կը շարունակէք պայքարիլ անքնութենէ, խօսեցէ՛ք բժիշկի մը հետ այլ միջոցներու եւ դարմանումներու համար, ըսած է CDCն:
Գրած է Քայլա Րասըլ, CNN
Թարգմանած՝ Թամար Աբովեան
Picture credit: istockphoto