Հոգեբուժութեան, հոգեբանութեան եւ նեարդաբանութեան հիմնարկի եւ Լոնտոնի Թագաւորական քոլէճի գիտնականները հետազօտութիւն մը կատարելով բացայայտած են, որ կենսոլորտի ապականումը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ բացասաբար կ՛ազդէ մեծերու առողջութեան վրայ. անոնք իրենց աշխատանքը հրապարակած են Frontiers in Public Health ամսագրին մէջ:
Քաղաքներու մէջ մարդիկ կ՛ենթարկուին մանր պինդ մասնիկներու բարձր ազդեցութեան. ատոնք կրնան ծանր, երկարատեւ հիւանդութիւններ յառաջացնել ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ՝ հոգեբանական: Գիտնականները վերլուծած են Անգլիոյ մէջ բնակող 40-69 տարեկան աւելի քան 364000 մարդոց տուեալները: Բացի ատկէ, ուսումնասիրուած են ինքնաշարժներէն եւ այլ փոխադրամիջոցներէն օդի ապականումի չափորոշիչները։
Աշխատանքը ցոյց տուած է, որ մանր պինդ մասնիկներու բարձր խտացումի ազդեցութեան ենթարկուած (աւելի քան 10 մայքրոկրամ մէկ խմ.ի մէջ) փորձարկուողներու մօտ 21 առ հարիւրով բարձրացած է երկու կամ աւելի հիւանդութիւններու (երկարատեւ ֆիզիքական եւ հոգեկան խանգարումներ) զարգացման վտանգը: Մասնակիցներու մօտ, որոնք պարբերաբար 30 մքկ/խմ-էն աւելի խտացումով NO2 (ազոդի օքսիտ) շնչած են, երկու կամ աւելի հիւանդութեան յառաջացման (20 առ հարիւրով) բարձր հաւանականութիւն ունեցած են, քան կենսոլորտի առումով աւելի մաքուր տարածքներու մէջ ապրող կամաւորներու մօտ:
Հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ երկարատեւ հիւանդութիւններու վրայ օդի ապականումի ազդեցութեան վերաբերեալ իրենց հետազօտութիւնը աշխարհի մէջ մեծագոյնն է։ Ամէնէն զօրաւոր ազդեցութիւնը դիտարկուած է նեարդաբանական, շնչառական, սրտանօթային եւ հոգեկան (տիփրեշըն եւ տագնապայնութիւն) վիճակներու վրայ:
Անոնք նաեւ աւելցուցած են, որ յաւելեալ փորձարկումներ անհրաժեշտ են՝ պարզելու համար, թէ ինչպէ՞ս օդի ապականումը կ՛ազդէ օրկանիզմի առանձին համակարգերուն վրայ: Մասնագէտները նշած են, որ երթեւեկութիւնը նուազեցնելու պարզ միջոցները կրնան բարելաւել կեանքի որակը եւ նուազեցնել առողջապահական համակարգերու ծանրաբեռնուածութիւնը: