«Աֆէյզիա«ն լեզուական խանգարում մըն է, որ կ՛ազդէ հաղորդակցութեան վրայ: Անիկա կը պատահի ուղեղին այն բաժնի վնասուածքին պատճառով, որ կը վերահսկէ արտայայտութիւնը եւ հասկնալու կարողութիւնը: Աֆէյզիան չ՛արտօներ, որ անձը արդիւնաւէտ ձեւով հաղորդակցի ուրիշներու հետ: Այս խանգարումը ունեցող անձ մը դժուարութիւն կ՛ունենայ հասկնալու, խօսելու, կարդալու, կամ գրելու:
Որո՞նք են աֆէյզիայի տեսակները
Շատ մարդիկ աֆէյզիա կ՛ունենան կաթուածէ մը ետք: Տղամարդիկ եւ կիներ հաւասարապէս կրնան ազդուիլ: Աֆէյզիան կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի, սակայն սովորաբար կը նկատուի 65էն վեր մարդոց մօտ:
Աֆէյզիայի շատ տեսակներ կան, որոնք ընդհանրապէս կ՛ախտահարուին հիմք ունենալով ուղեղի լեզուական գերիշխող այն բաժինը, որ վնասուած է, ինչպէս նաեւ՝ վնասուածքի տարողութիւնը:
Օրինակի համար.
–«Պրոքա» աֆէյզիա ունեցող մարդիկ ուղեղի լեզուական գերիշխող կողմի առջեւի բաժնի վնասուածք կ՛ունենան:
–«Ուանաքիա» աֆէյզիա ունեցող մարդիկ ուղեղի լեզուական գերիշխող կողմնակի բաժնի վնասուածք կ՛ունենան:
-«Կլոպըլ» աֆէյզիա ունեցող մարդիկ վնասուածք կ՛ունենան ուղեղի այն մեծ հատուածին մէջ, որ կը վերահսկէ լեզուն:
Ի՞նչ են աֆէյզիայի ախտանիշները
Աֆէյզիայի ախտանիշները կախեալ են տեսակէն.
«Պրոքա» աֆէյզիան երբեմն կը կոչուի «էքսփրեսիւ» աֆէյզիա: Այս տեսակի աֆէյզիայով անձեր կրնան օրինակ՝ իրենց լեզուէն հեռացնել «եւ» ու «ը» որոշիչ յօդը: Անոնք կրնան խօսիլ կարճ, բայց իմաստալից նախադասութիւններ օգտագործելով, ընդհանրապէս հասկնալով նաեւ ուրիշներու խօսակցութիւնները: Պրոքա աֆէյզիա ունեցող մարդիկ յաճախ կ՛ունենան աջ կողմի տկարութիւն եւ ձեռքի ու ոտքի անդամալուծութիւն:
«Ուանաքիա» աֆէյզիան երբեմն կը կոչուի «րիսեփթիւ» աֆէյզիա: Այս տեսակի աֆէյզիա ունեցող մարդիկ կրնան խօսիլ երկար շփոթեցնող նախադասութիւններ օգտագործելով: Անոնք կ՛աւելցնեն ոչ անհրաժեշտ բառեր կամ նոր բառեր կը ստեղծեն: Ընդհանրապէս դժուարութիւն կ՛ունենան հասկնալու ուրիշներու խօսակցութիւնները:
«Կլոպըլ» աֆէյզիա ունեցող մարդիկ դժուարութիւն կ՛ունենան խօսելու կամ լեզուն հասկնալու:
Ի՞նչը աֆէյզիա կը յառաջացնէ
Աֆէյզիան կը պատահի ուղեղի լեզուական գերիշխող բաժնի, սովորաբար ձախ կողմի վնասուածքի պատճառով: Անիկա կրնայ յառաջանալ.
-կաթուածէ
-գլխու վնասուածքէ
-ուղեղի ուռուցքէ
-ուղեղի բորբոքումէ
-«տըմէնշիայէ» կամ «ալզհայմըր» հիւանդութենէ
Ներկայիս յայտնի չէ, եթէ աֆէյզիան կը յանգեցնէ լեզուի կառուցուածքի ամբողջական կորուստի կամ խնդիրներ կը յառաջացնէ լեզուի հասանելիութեան եւ օգտագործման մէջ:
Ինչպէ՞ս կ՛ախտորոշուի աֆէյզիան
Աֆէյզիան կրնայ ախտորոշուիլ խօսակցական-լեզուական մարզի մասնագէտի մը կողմէ: Քննութիւնները կը ներառեն խօսակցական, անուանումի, կրկնութեան, ըմբռնումի, կարդալու եւ գրելու ուսումնասիրութիւն: Ախտորոշումը կրնայ ընդգրկել նաեւ ուղեղը ուսումնասիրելու համար օգտագործուող պատկերաւոր միջոցներ.
CT սքեն. պատկերային այս քննութիւնը կ՛օգտագործէ X- ճառագայթներ եւ համակարգիչ՝ մարմնի մանրամասն պատկերներ պատրաստելու համար: Այս «սքեն»ը ցոյց կու տայ ոսկորներու, մկաններու, ճարպերու եւ օրկաններու մանրամասնութիւնները:
MRI սքեն. այս քննութիւնը կ՛օգտագործէ մեծ մագնիսներ, «ռատիօ-ֆրիքուընսի»ներ՝ մարմնի օրկաններու եւ կառուցուածքներու մանրամասն պատկերներ ստանալու համար, առանց X-ճառագայթներու:
Փոզիթրոն էմիշըն թոմոկրաֆի. համակարգչային պատկերաւորման այս մեթոտը կ՛օգտագործէ «ռատիօաքթիւ» նիւթեր՝ մարմնի գործընթացները հետազօտելու համար:
Ինչպէ՞ս կը բուժուի աֆէյզիան
Բուժումը կախեալ է ախտանիշներէն, տարիքէն եւ առողջական ընդհանուր վիճակէն: Անիկա կախեալ է նաեւ, թէ որքան վատ է վիճակը:
Բուժման նպատակն է բարելաւել հաղորդակցելու կարողութիւնը, այնպիսի մեթոտներու միջոցով, որոնք կրնան ներառել.
-խօսակցական թերափի
-ոչ բանաւոր հաղորդակցութեան թերափիներ, ինչպէս՝ համակարգիչներ կամ պատկերներ
-խմբային թերափի հիւանդներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար
Աֆէյզիայով գոյատեւել
Աֆէյզիա ունեցող կարգ մը մարդիկ կրնան լաւանալ առանց բուժումի, սակայն աֆէյզիայի որոշ քանակ մը յարատեւ կը մնայ այս պարագան ունեցող մարդոց մեծ մասին մօտ:
Խօսակցական թերափին յաճախ կրնայ օգնել վերականգնելու խօսակցական եւ լեզուական գործառոյթները ժամանակի ընթացքին, սակայն շատեր կրնան շարունակել խնդիրներ ունենալ: Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ թէ՛ աֆէյզիա ունեցող անձին եւ թէ՛ անոր ընտանիքին համար: Ընտանիքի անդամներուն համար կարեւոր է հաղորդակցութեան լաւագոյն ձեւերը օգտագործել իրենց սիրելիին հետ հեզասահ կերպով կապ հաստատելու համար: Ասոր մէջ մասնագէտները կրնան իրենց ներդրումը ունենալ:
Յանձնարարութիւնները կրնան ընդգրկել հետեւեալները.
-Զրոյցներուն մէջ ներառել աֆէյզիա ունեցող անձը
-Պարզեցնել լեզուն օգտագործելով կարճ, պարզ նախադասութիւններ
-Կրկնել բանալի բառերը կամ գրի առնել՝ անհրաժեշտութեան պարագային իմաստը պարզաբանելու համար
-Օգտագործել բնական խօսակցական ոճ մեծերու մակարդակով
-Քաջալերել բոլոր տեսակի հաղորդակցութան տեսակները ներառեալ՝ խօսակցութիւն, «ժեսթ»եր, մատնացոյց ընել, գծագրել
-Չի սրբագրել անձին խօսքերը
-Շատ ժամանակ տալ, որպէսզի ան ինքզինք արտայայտէ
-Օգնել անոր ներգրաւուելու տան մթնոլորտէն դուրս, օրինակ՝ աջակցութեան խումբերու ընդմէջէն:
Որոշ անձերու համար համակարգիչները կրնան օգտակար ըլլալ թէ՛ հաղորդակցելու եւ թէ՛ լեզուական կարողութիւնները բարելաւելու համար: