Աւելի շատ բրիտանացիներն են, որոնք Ծննդեան տօներուն կը հրաժարին հնդկահաւով աւանդական ընթրիքէն՝ զայն փոխարինելով այլ կերակրատեսակներով: Այդ մասին կը վկայէ հասարակական կարծիքի հարցումը, որ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Whole Foods Market հանրախանութներու ցանցի նախաձեռնութեամբ: Անիկա մասնագիտացած է առանց արհեստական ներկանիւթերու, համի ուժեղացուցիչներու, քաղցրացուցիչներու եւ արտաճարպերու պարունակութեան օրկանական ուտելիքներու վաճառքի բնագաւառին մէջ, տեղեկացուցած է «Արմենփրես»-ը:
Մեծն Բրիտանիոյ ընտանիքներու աւելի քան 40 առ հարիւրը, փորձագէտներու տուեալներով, ձեռնպահ կը մնայ հնդկահաւով աւանդական ընթրիքէն, իսկ անոնց 10 առ հարիւրին ընթրիքը կ՛ըլլայ բացառապէս բուսական: Ըստ որուն, բրիտանացիները աւելի ու աւելի հնարագէտ կը դառնան կերակրատեսակներու պատրաստութեան հարցին մէջ՝ հաշուի առնելով աճող անհանգստութիւնը շրջակայ միջավայրի աղտոտութենէն (շուրջ 30 առ հարիւր), կլիմայական փոփոխութիւններէն (23 առ հարիւր), սեփական առողջութենէն (22 առ հարիւր) եւ կենդանիներու պաշտպանութենէն (19 առ հարիւր): Հնդկահաւը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Ծննդեան տօներուն ամէնէն տարածուած կերակրատեսակն էր XIX դարու սկիզբէն ի վեր, եւ չնայած բնակիչներու աճող թիւին, որոնք կը հրաժարին ատկէ արդի իրողութիւններու ճնշումին տակ, յառաջիկայ Ծննդեան տօներուն, Sky News հեռատեսիլի ալիքի տուեալներով՝ բրիտանացիները կը ճաշակեն առնուազն 10 միլիոն թռչուն, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը: